Գերմանիոյ Սոցիալ դեմիկրատական կուսակցութեան եւ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ Պահպանողական դաշինքի անդամներուն միջեւ սուր վէճ ծագած է այն բանէն ետք, երբ յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող սուրիացի փախստականներ երկրէն արտաքսելու հարց բարձրացուած է:
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան, Գերմանիոյ մէջ յառաջիկայ դաշնակցային բանակցութիւններու երկխօսութիւններու գլխաւոր խնդիրը գաղթկաններու հարցը պիտի ըլլայ, նկատի ունենալով, որ 2015 թուականի կէսերէն ի վեր աւելի քան կէս միլիոն գաղթականի ընդունումը Գերմանիոյ կողմէ քաղաքական մեծ պառակտման պատճառ դարձաւ, ինչպէս նաեւ առիթ ընծայեց երկու խոշոր կուսակցութիւններուն մրցակիցը համարուող, գաղթականներու ընդունման դէմ պայքարող Գերմանիոյ այլընտրանքային կուսակցութեան, որպէսզի վերջինս առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարան հասնի:
Վերջիններս կոչ ուղղած էին երկրէն արտաքսել բոլոր՝ կէս միլիոն սուրիացի փախստականներն առանց բացառութեան, յայտարարելով, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմն աւարտած է: