Աքքար նահանգի գաղթակայանի սուրիացի փախստական ընտանիքները կոչ ուղղած են իրաւասու մարմիններուն, միջամտելու եւ համապատասխան օգնութիւն ցուցաբերելու համար այն բանէն ետք, երբ անձրեւներու հետեւանքով գետը յորդած եւ ջուրն ու ցեխը լեցուած են իրենց վրաններուն մէջ, այնուհետեւ ուժգին քամին իր հետ տարած է անոնց վրաններն ու վերջիններս յայտնուած են բաց երկնքի տակ:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, վնասի ենթարկուած ընտանիքները բողոքած են, թէ ոչ մէկ միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ այցելած է գաղթակայան, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ իրենց ծանր վիճակին: