Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Սուրիացի երիտասարդը երեքշաբթի օր բոլորած է Պոլսոյ «Աթաթուրք»ի անուան միջազգային օդակայանի մէջ հարկադրուած բնակութեան մէկ տարին: Այս մասին կը փոխանցէ «Սապահ», նշելով, որ 27-ամեայ Ֆատի Մանսուրը 15 մարտ 2015-էն ի վեր մնացած էր օդակայանին մէջ «Խնդրայարոյց ուղեւորներու սենեակ» կոչուող առանց մահճակալներու եւ բնական լոյս մուտք չգործող սենեակին մէջ:
Պատմելով Մանսուրի մասին, աղբիւրը կը նշէ, որ Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերէն (2012թ.) Մանսուր պատերազմի դէմ ըլլալու համոզմունքէն մղուած, խուսափելով զինուորական ծառայութենէն՝ Սուրիայէն անցած էր Լիբանան: Լիբանանի մէջ, ան ամիսներով պատանդ բռնուած էր տեղական խումբի մը կողմէ, եւ փրկագին վճարելով՝ ազատ արձակուած: Այնուհետեւ ան ժամանած էր Թուրքիա 2014-ին, ուր մէկ ամիս մնալէ ետք որոշած էր մեկնիլ Մալիզիա, սակայն անոր մուտքը երկիր մերժուած էր՝ կեղծ տեղեկութիւններ պարունակող անձնագիր օգտագործելու պատճառով: Ուստի ան վերադարձուած է Թուրքիա՝ մարտ 2015-ին, ուր ութ ամիս օդակայանի մէջ մնացած է, սպասելով Թուրքիա մուտքի արտօնագիրին: Չստանալով այդ մէկը, 20 նոյեմբեր 2015-ին որոշած է վերադառնալ Լիբանան, սակայն այստեղ ալ մերժուելով կրկին վերադարձած էր Թուրքիա նոյեմբեր 2015-ին, եւ այդ օրուընէ ի վեր մնացած է կալանքի տակ:
«Սապահ» կը նշէ, որ Մանսուր մէկ տարի օդակայան ապրած շրջանին շատ դժուարութիւններէ անցած է. ամբողջ այդ ընթացքին սնուած է միայն սենդուիչով եւ քնացած է նստարաններու վրայ, միշտ բաց լոյսերու տակ, եւ երբէք դուրս չէ եկած բացօթեայ տարածք: Այս կապակցութեամբ Մարդու Իրաւունքներու կազմակերպութիւնը երեքշաբթի օր դիմած է Թուրքիոյ, որու լոյսին տակ թրքական իշխանութիւնները տակաւին պիտի արձագանգեն Մանսուրի հարցին:
Միջազգային Ներումի կազմակերպութիւնը, որ առաջին անգամ դեկտեմբերին բարձրացուցած էր Մանսուրի դատը, յայտնած է, որ Մանսուրի կալանքը կը հանդիսանայ «դաժան, անմարդկային եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունք», եւ կոչ ըրած է իշխանութիւններուն ապահովել անոր Սուրիա չվերադարձուիլը. «ամենաանբնականը այս դատին մէջ անոր այսքան երկար ժամանակ տեւելն է», - ըսած է Միջազգային Ներումի կազմակերպութեան Թուրքիոյ աշխատակից Էնտրու Կարտնըրը: