Կիրակի, 26 նոյեմբերին մօտ 200 անօթեւան սուրիացի երեխայ Դամասկոսի օփերայի տան մէջ համերգ տուած են: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
«Դէպի բեմ» խորագիրը կրող համերգը կազմակերպուած է «Աութար» (լարեր) արուետի խումբին կողմէ, եւ նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են շուրջ վեց ամիս:
Համերգը նպատակ ունեցած է մարդոց ուշադրութեան արժանացնել պատերազմի հետեւանքով իրենց տուներէն դուրս դրուած երեխաները, ինչպէս նաեւ բարձրացնել վերջիններուս ինքնավստահութիւնը:

Նախագիծը կը ձգտի նաեւ երաժշտութեան ու այլ արուեստներու միջոցով դրական ազդեցութիւն ունենալ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու պատսպարաններուն մէջ ապաստան գտած աւելի քան 3500 երեխաներու հոգեվիճակին վրայ:
Կազմակերպիչներուն հանդիպած խոշորագոյն դժուարութիւններէն մէկը եղած է երեխաներու վստահութիւնը շահիլն ու անոնց հետ շփում իրականացնելը:
Նախագիծը Դամասկոսի մէջ մեծ յաջողութիւն գտնելէ ետք կազմակերպիչները նպատակ ունին Սուրիոյ տարբեր քաղաքները այցելելով այդ շրջաններուն մէջ նոյնպէս ներկայացնել փոքրիկներու հրաշալի համերգը: