Իսրայէլի մէջ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին Սուրիոյ մէջ կատարուող զարգացումներուն: Այս առումով եւ յատկապէս վերջին քանի մը շաբաթներուն կարեւոր նոր «խաղացող» մը աւելցած է Սուրիոյ մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու ցուցակին վրայ: Խօսքը այս պարագային Եգիպտոսի մասին է, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մասնակցութիւն Թէլ Աւիւի կողմէ կը համարուի ողջունելի մասնակցութիւն մը:
Երբ Գահիրէի Սուրիական տագնապին մէջ դեր մը ունեալու մասին կը խօսինք պէտք է անպայման նկատի առնենք, որ այս «սպասուած» դերը կը կատարուի Մոսկուայի «օրհնութեամբ»: Իսրայէլեան «Հաարէթց» պարբերականի վերլուծաբան Ցէւի Պարիիլի կարծիքով Գահիրէի յատկապէս Դամասկոսի արեւելեան Ղութայի եւ Հոմսի կարգ մը շրջաններուն ունեցած դերը պէտք է համարուի դրական դեր մը: Պարիիլ բնականաբար նկատի ունի հաշտութեան այդ գործընթացները, որոնք տեղի կ'ունենան այդ շրջաններուն մէջ պատերազմող խմբաւորումներուն միջեւ,որ ըստ վերլուծաբանին այս փուլին առաջ կը տարուին Գահիրէի ուղղակի մասնակցութեամբ:
Սուրիական տագնապին հանդէպ պաշտօնական Թէլ Աւիւի ունեցած հետաքրքրութիւնը նորութիւն մը չէ: Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու տարբեր առիթներով քննադատած է Սուրիոյ իշխանութիւնները, սակայն սուրիական գետնի վրայ առկայ վիճակին հետեւանքով եւ հեռու չերթալ»ով իր կեցուածքներուն մէջ նախընտրած է լուռ մնալ: Սրածայր կողմեր ունեցող եւ բազմագլխանի վիշապի նմանող սուրիական պատերազմը «յոգնեցուց» Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ուղղակի վնասներ հասցուց անոր բանակին եւ սուրիական պետութեան ռազմաքաղաքական կարողականութեան:
Միջին Արեւելքի զարգացումներուն հետեւողներուն համար այս բոլորը, այսինքն Սուրիոյ «նախատեսուած» կազմաքանդումը, տկարանալը եւ ընդհանուր ընկճուածութիւնը «աստեղային ժամ» էին Թէլ Աւիւին համար: Ու ատոր համար է նաեւ, որ իսրայէլացիք իրենց կատարած յայտարարութիւններուն մէջ հանդէս կու գային «ուրախ», բայց «զգուշաւոր»ի դիրքերէն:
Ուրեմն Իսրայէլի համար առաջնային կը մնար, որ Սուրիոյ կազմաքանդումի կողքին երկրին մէջ երեւցող, որեւէ փոխանցման ուժ ըլլայ անկար ուժ մը: Ինչպէս շատեր՝ Թէլ Աւիւ եւս դէմ հանդիման դարձաւ նոր եւ անսպասելի փուլի մը, որուն առաջատարները եղան Թեհրանն ու անոր գլխաւոր դաշնակից համարուող «Հիզպոլլահ»ը: Ու այս առումով էր նաեւ, որ Իսրայէլ կանգնելով փաստի առջեւ եւ իր երէկուան ենթադրութիւնները մէկդի դնելով կը փորձէր ու կը փորձէ նուազագոյնի իջեցնել իրանեան ուժերուն ընդհանուր ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ:
Այս նախաբանը ներկայացնելու հիմնական նպատակս էր զուգահեռներ գծել մէկ կողմէ Եգիպտոսի նոր «հասունցող» դերին եւ միւս կողմէ Թէլ Աւիւի կատարած ու դեռ ալ կատարելիք քայլերուն մասին: Բնականաբար Մոսկուայի հետ տեղ մը համաձայնութեան եկող Իսրայէլի համար աւելի տանելի է, որ սուրիական «խաղ»ին մէջ աւելի ազդեցիկ դեր ունենայ Գահիրէն, որուն մասնակցութեամբ է նաեւ, որ Թեհրան եւ իր դաշնակիցները կամացուկ մը ետքայլ պիտի կատարեն այդպիսով նաեւ գոհացում պատճառելով իրենց մեծ դաշնակիցին ՝ Մոսկուային: Խորքին մէջ 6 տարիէ ի վեր ընթացող եւ գետնի վրայ արիւնալի ու սարսափելի պատկերներով «հարուստ» սուրիական պատերազմին սկիզբէն ի վեր նման խուսանաւումներուն եւ ծրագիրներու մասին խօսուած է տարբեր առիթներով: Գրուած է նաեւ, որ Մոսկուայի համար շատ կարեւոր է, որ այս պատերազմին հետեւանքով ան ընդհանուր խզումի չերթայ սիւննի աշխարհին հետ: Այսինքն, եթէ Մոսկուային համար կարեւոր է (այս փուլին), որ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան շարունակէ մնալ Պէշշար Ասատը, ապա նոյնպէս կարեւոր ու կենսական է, որ այս պատերազմէն որպէս յաղթող դուրս չգան Իրանցիք հետեւաբար՝ շիթթիները: Ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ շաբաթ մը առաջ «Ժամանակ»ի այս սիւնով գրած էի Սուրիոյ մէջ լուծման նոր ձեւաչափերու մասին, որոնց հիմնական կէտերէն մին Սուրիայէն իրանցիներու եւ անոնց դաշնակիցներուն հեռանալու առաջադրանքն էր: Հետեւաբար այս խմորումները կը կատարուին այնպիսի փուլի մը, որ կը յատականշուի քաղաքական լուծումներ մէջտեղ բերելու առաջադրանքներով: Ու պատահական չէ, որ յատկապէս վերջին օրերուն վերլուծական մի քանի կայքեր եւ աղբիւրներ սկսած են բացայայտ խօսիլ Գահիրէին վստահուելիք կարեւոր դերերու մասին:
Սուրիոյ հանդէպ Եգիպտոսի ընդհանուր կեցուածքը
Սուրիոյ հանդէպ Եգիպտոսի ունեցած ընդհանուր կեցուածքին մասին խօսելով հարկ է յիշեցնել, որ երկրի ներկայիս գործող նախագահ զօր. Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսի Սուրիոյ հանդէպ ունեցաւ իր նախորդի իշխանազուրկ եղած նախագահ՝ Մոհամմատ Ալ Մուրսիի հակասական կեցուածքը:
Մինչ Մուրսի Եգիպտոսի յարաբերութիւնները խզեց եւ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուց Ասատի դէմ, անդին Ալ Սիսի հանդէս եկաւ աւելի մեղմ կեցուածքներով եւ բազում անգամներ նշեց, որ իրենց համար կարեւոր ու կենսական է, ոչ միայն Սուրիոյ պետականութեան եւ երկրի միասնականութեան պահպանումը, այլ քիչ մը աւելի հեռուն երթալով հաւաստեց, որ «Ասատ սուրիական լուծումին մաս պիտի կազմէ»: Այս կեցուածքին պատճառով էր նաեւ, որ բաւական մեծ սրացում ապրեցան Գահիրէ- Ռիատ յարաբերութիւնները, որուն համար ալ Ռիատ տարբեր մակարդակի «պատիժներ» սահմանեց Գահիրէի դէմ: Ճիշդ է, որ շրջանի երկու գլխաւոր սիւննի տէրութեանց միջեւ յարաբերութիւնները չխզուեցան, որովհետեւ Ռիատ նախազգաց, որ Գահիրէի հետ յարաբերութեան սրացումի կամ խզումի վնասանները յատկապէս քաղաքական առումով շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան, քան նման քայլի մը երթալու օգուտները:
Գահիրէ ընկալելով Ռիատի կողմէ իր հանդէպ եղած «ժեսթ»ին արժէքն ու իմաստը այս անգամ Քաթարի դէմ երեւցած «տնտեսական տագնապ»ին մէջ դիրք բռնեց Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն կողքին:
Այս բոլորէն անդին յստակ է, որ Սիսի իր Սուրիոյ պետականութիւնը եւ այդ երկրի ամբողջականութեան համար որդեգրած կեցուածքները կապ ունին ընդհանուր մտահոգութիւններու շղթայի մը հետ, որուն կիզակէտը նաեւ Եգիպտոսի անվտանգութիւնն է: Այսինքն մինչ շրջանային մէկէ աւելի երկիրներ «կ'երազեն» կամ աւելի ճիշդը՝ «կ'երազէին» տեսնել Սուրիոյ ամբողջական կազմաքանդումը, անդին Գահիրէ կը հաւատար ու դեռ ալ կը հաւատայ, որ Սուրիոյ ընդհանուր փլուզումը աղէտ մը պիտի ըլլայ, ոչ միայն Սուրիոյ այլ ամբողջ շրջանին համար:
Այս բոլորին հետ զուգընթաց յստակ է նաեւ, որ Մոսկուա լաւ հասկցած է Եգիպտոսին «վստահուելիք» ընդհանուր դերին խորութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Խորհրդային Միութեան Միջին Արեւելեան ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ կարեւոր եւ առանցքային դեր ունեցած է Գահիրէն: Եթէ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատ կը համարուէր Խորհրդային Միութեան կարեւորագոյն դաշնակիցներէն մին,ապա նոյնը կարելի է ըսել Եգիպտոսի համար կեդրոնական դեր ունեցած Ժամալ Ապտըլ Նասէրին մասին, որ Ասատի հետ միասին կը հանդսանար Գրէմլի Միջին Արեւելքի վստահելի գործընկերը:
Այսօր ալ դրութիւնը նոյնն է: Մոսկուա իր ամբողջական նեցուկը յայտնած է Սիսիին: Բոլոր ոլորտներուն մէջ երեւելի դարձած յարաբերութիւններուն զարկ տալէ անդին Մոսկուա նաեւ հետամուտ է «ընդհանուր խաղ»ին մասնակից դարձնել Գահիրէն, որուն ոչ ռատիքալ եւ բանակի հանդէպ մեծ կարեւորութիւն ցուցաբերող զինուորական նախագահը դարձած է իրաւ եւ վստահելի գործընկեր մը, որուն կարելի է տալ առանցքային դեր:
Մոսկուա այս «քար»ով երկու թռչուն պիտի զառնէ: Նախ պիտի գոհացնէ Իսրայէլը, Սուպրիոյ մէջ Թեհրանի դերին «արգելակ» մը դնելով եւ ապա պիտի փորձէ շահիլ վստահութիւնը եւ «համակրանք»ը սիւննի աշխարհին:
Չմոռնանք, որ երբ արաբականութեան մասին խօսք երթայ, այդ դերին, քաղաքական ըմբռնումին եւ գաղափարական ատաղձին հիմնական կրողը Գահիրէն է, որ ըստ երեւոյթին կը պատրաստուի կարեւոր եւ շինիչ դերի մը:
Սագօ Արեան