Սուրբ Կոյս Մարիամը ծաղրելու մեղադրանքով այս առաւօտ ձերբակալուած է Ահմատ Սըպայթի անունով երիտասարդ մը: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ երիտասարդը
Սուրբ Մարիամի մասին դիմատետրի էջով (եւ օգտագործելով Մուսթաֆա Սըպայթի անունը) վիրաւորական խօսքեր գրած է Սուրբ Մարիամի մասին:Կը նշուի նաեւ, որ ձերբակալման լուրը հաստատած է դատախազ Սամիր Համուտ, որ նաեւ ըսած է, թէ Սըպայթիի հետ հարցաքննութիւնները կը շարունակուին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ վիրաւորական խօսքեր հրապարակելէ ետք ալ Սըպայթի ներողամտագիր մը գրած է ըսելով, որ իր հաշիւը թափանցուած է ցանցահէններու կողմէ:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ կրօնական որեւէ խորհրդանիշի դէմ վիրաւորական խօսքեր արտայայտող ցանկացած անձ օրէնքով ենթակայ է դատական հետապնդման: