Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը այսօր երկրորդ անգամն ըլլալով թիրախ դարձած է ծանր հրթիռակոծման։
Այս մասին յայտնած է Արցախի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան ՝ Արտակ Բեգլարեանը։ Ան նաեւ ըսած է, որ եղած են երեք հարուածներ, որու հետեւանքով ալ գրանցուած են վիրաւորեալներ։ Տուժածներու թիւին մասին այլ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։