Հոլանտացի եւ գերմանացի մասնագէտները համադրեր են փորձարարական միահակ (մոնոքլոնալ) հակամարմին, որ ունակ է տարրալուծարանային պայմաններու մէջ յաղթելու նոր «Քորոնա» ժահրային վարակին։ Այդ մասին ըսուած է խումբ մը եւրոպացի գիտնականներու հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է Nature Communications գիտական ամսագրին մէջ։
Ինչպէս կը փոխանցէ Lenta.ru-ն, Ուտրեխտի համալսարանի տարրալուծարանին մէջ ստեղծուած սպիտակուցները նման են մարդու իմունային բջիջներու արտադրած սպիտակուցներուն։ Անոնք կը գտնեն ախտածինի (պաթոկեն) ճիշդ հատուածը եւ կ'ազդեն անմիջապէս անոր վրայ։
Փորձարկումներու ժամանակ 47D11 նոր հակամարմինը յաղթած է ոչ միայն SARS-CoV-2-ը, այլեւ SARS-CoV-ը, որ կ'առաջացնէ սուր շնչառական համախտանիշ։ Մասնաւորապէս՝ այն կ'ուղղուի սպիտակուցային սերմեր, որոնք նոր ժահրին թագի տեսք կու տան եւ թոյլ կու տան մարդու բջիջներ ներթափանցել։
Հակամարմիններու արտադրման համար օգտագործուած են ծինային փոփոխութեան ենթարկուած (genetically modified) մուկեր։ Երբ պարզ դարձած է, որ 47D11-ը չէզոքացնող աշխոյժութիւն կը դրսեւորէ, որոշուած է հակամարմինը մարդուն յատուկ տարբերակով ստեղծել։
Յետագային հետազօտութիւններ պիտի ըլլան ստացուած արդիւնքները հաստատելու համար, որմէ ետք այն պիտի փորձարկեն կենդանիներու եւ մարդոց վրայ։ Դեռ այդ հակամարմինը բժշկութեան մէջ օգտագործել կարելի չէ, սակայն ապագային այն հնարաւոր է՝ օգնէ «Քորոնա» ժահրի կանխարգելման եւ բուժման հարցով։
Աւելի վաղ Իսրայէլի մէջ եւս գիտնականները հակամարմիններ յայտնաբերած էին, որոնք կրնան օգտագործուիլ COVID-19-ի դէմ դեղամիջոց մշակելու համար։