Լիբանանեան «Ալ Տիար» օրաթերթի խմբագիր Շարլ Այուպի Տուպայի օդակայան ժամանելէն ետք, տեղափոխուած էր ոստիկանական բաժանմունք: Այս դէպքի մասին լիբանանեան աղբիւրներ լուրեր տարածած են, որ Այուպ ձերբակալուած եւ կալանքի տակ դրուած է:
Սակայն «Ալ-Տիար» այս առաւօտ հերքելով լուրը, նշած է, որ Այուպ 2 ժամ օդակայանին մէջ պահուելէ ետք, Անվտանգութեան մարմիններու հրամանով տեղափոխուած է ոստիկանութեան բաժին, ուր հարցաքննութեան համար 4 ժամ մնալէ ետք, ազատ արձակուած է:
«Տիար»ի փոխանցմամբ, հարցաքննութիւնը եղած էր, «Ռոթանա» ընկերութեան տնօրէն Սալէմ Հնտիի կողմէ իր դէմ առաջադրուած դատական գործի վերաբերեալ: Դատի պատճառը Այուպի եւ Հնտիի միջեւ «Ուաթս ափ»ի գրառումներու միջոցաւ եղած վէճն էր:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Շարլ Այուպ Տուպայ եկած էր՝ աղջկան, փեսային եւ թոռնիկին հետ ժամանակ անցնելու, ուր մէկ շաբաթ մնալէ ետք պիտի վերադառնայ Պէյրութ:
Յիշեցնենք, որ Շարլ Այուպ եղած է լիբանանեան բանակի սպայ եւ ան յայտնի է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հանդէպ իր ունեցած համակրանքով եւ իր հիմնադրած «Ալ Տիար» պարբերականը կը համարուի Սուրիոյ իշխանութեան մօտիկ եղող թերթ մը: