image

Շահան Շահնուր. Ազատն Կոմիտաս

Շահան Շահնուր. Ազատն Կոմիտաս

Կը խորհիմ, որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսնցնէ, եթէ իր երեսէն Հայը անհետանայվերջնական չքացումով: Բայց ան բան մը պիտի շահի անկասկած, եթէ Հայը արդիւնաւորէ, անգամմը եւս, իր հանճարին թաքուն ուժերը:

 

Ի՞նչ ենք ի վերջոյ այսօր, մեր գաղթականութեան սա հազար-ինը-հարիւր-երեսուն եւ հինգթուականին, եթէ ոչ թշուառ եւ խոցոտ բարիաներու թափառականութիւն մը, նշաւակ`քաղաքավարական կարեկցութեան, եթէ ոչ արհամարհանքի: Ի՞նչ ենք այսօր, եթէ ոչեղերականօրէն սնանկ այլ յաւակնոտ այլանդակութիւն մը, որ քարշ կու տայ իր քէներն ուանբուժելի վէրքերը: Ստրուկ` որ եղբայրասպան կռիւի մէջ կը հերոսանայ: Երբեմն ո՛չ իսկ այդ:

 

Եւ եթէ պատահի որ հայ ժողովուրդի ընդերքէն փայլատակէ ինչ-որ ստեղծագործ ուժ մը, եւ եթէպատահի որ այդ ուժը գտնէ իր կիրարկման յատուկ տարրը, կասկած չկայ, որ նոր գեղեցկութիւնմը աւելցած պիտի ըլլայ աշխարհի գեղեցկութիւններուն վրայ: Գեղեցկութիւն՝ որ պիտի ըլլայայնքան թանկագին եւ պայծառ, որքան նսեմ եղած է այն շփոթութիւնը, ուրկէ կը յառնու ան:

 

Եւ այդ գեղեցկութիւնը չի կրնար չյայտնուիլ: Այն պարզ իրողութիւնը, թէ Հայը կրցեր է դիմադրելդարերու խորտակիչ ճնշումին, ինքնին արդէն յաղթանակ մըն է, փոյթ չէ թէ ան եղած ըլլայ լուռյաղթանակ մը, նման անոնց որ կը տարուին խաւար անկիւններու մէջ, աշխարհի տեսողութենէնհեռու: Նոր յաղթանակը պիտի գայ ա՛յսօր եւս, քանի որ անցեալի մէջ ան մեզ շնորհուած էբազմիցս, եւ մենք այսօր կրնանք թուել անոնցմէ չորսը — Ս. Մեսրոպ, Կոմիտաս, Կաթողիկէ եւԱնդրանիկ:

 

Անոնցմէ դուրս ոչինչ ունինք որ ըլլայ ճշմարիտ յաղթանակ եւ անվիճելի նուաճում: Այս չորսերն ենմիայն, որոնց մօտ կարելի է ապաստանիլ յուսալքման եւ ուրացումի դաժան գիշերներուն, ինչպէսմարդ պիտի ընէր դէպի լոյսը:

 

Ո՛չ այն լոյսը, որ մութը փարատելով կը բաւականանայ: Այլ այն մի՛ւսը, որ կ՚ընէ աւելի բան մըեւս: Երբ ան կը բոցավառի ձեղունէն առկախ բազմադրուագ ջահին մէջ, ներսէ՛ն կը վառէ իրհամեստ նախատիպերը, որոնք շար ի շար կ՚առկախուէին բիւրեղեայ ողկոյզներու նման, եւ կըմնային գոց` իրենց ներքին լոյսին վրայ: Մեծագոյնին արժանիքն է նպաստաւորել իրմէ նուազմեծերը, եւ փոխադարձաբար նպաստաւորուիլ անոնց կազմած շուրջանակի համեստութենէն:Նմանապէս ալ, մեր չորս ջահերէն իւրաքանչիւրը տուած է նոր խոյանք մը, լաւագոյնշողարձակում մը իր համեստ նախատիպերուն, որոնք բոլորախումբ համաստեղութիւնըկ՚ընդլայնի դարեդար, ցոլքէ ցոլք եւ կ՚երթայ Ս. Մեսրոպէն Ղեւոնդ Երէցին եւ յաջորդաբար,Կաթողիկէէն` գրչածաղկումին յաջորդաբար, Կոմիտասէն` իր հինգ սաներուն եւ յաջորդաբար,Անդրանիկէն` անուանի եւ անանուն բոլոր մարտիկներուն:

 

Եւ ի՞նչ է, ի վերջոյ, այսօրինակ լուսաւորում մը, եթէ ան ազատութիւն չէ: Հայ խօսքը թափելգրչական ինքնուրոյն ձեւի մը մէջ (graphie), կը նշանակէ զայն տարանջատել օտարէն եւ շեշտել իրազգային հպատակութիւնը: Եւ քանի որ մեր ազատութիւնները եղեր են չորս հատ, թուղթի վրայմիայն կարելի է ըսել. — «Եթէ այսօր հայը անհետանայ…»: Միակ ազատութեան մը գոյութիւնըանկարելի կը դարձնէ շուտափոյտ մահը, ինչպէս որ միակ ազատութեան մը սուր գիտակցութիւնըկարելի կը դարձնէ նոր ազատութիւնը:

 

Եւ հակադրաբար մահուան, որ անմիջական չի կրնար ըլլալ, ազատութիւնը կը յայտնուիաննախատեսելի պահու մը, քանի որ ան գործն է միակ հանճարի մը: Ան կ՚ըլլայ տեսակ մընմանակը բարձրիմաստ ազատութեան: Ան, որ ծնունդն է ազգի մը իմացական եւ ոգեկանաշխարհին, եւ որ, հակադարձ շարժումով մը, սահմանուած է ձեւաւորել այդ նո՛յն աշխարհը, նմաննորածինին, որ կ՚ազդէ իր մօրը վրայ, ան կը հպատակի դասակարգումի մը: Դասակարգութիւն մը`ըստ ոգեկան ուժի տարողութեան: Մեր ճարտարապետութիւնը կը գտնուի միջոցին մէջառաւելապէս: Անդրանիկը` ժամանակի: Մեր երգն ու լեզուն են որ, առաւելս զտուած նիւթականտարրերէ, կը մնան իբրեւ զուտ ոգեկան ազատութիւններ: Համաձայն այս դասակարգումին,Վարդապետը կու գայ Ս. Մեսրոպէն վերջ, իբրեւ երկրորդ Սուրբ մը: Ան կ՚ըլլայ մեծագոյնը, Ապրիլ11-ի մեր կորուստներուն:

 

Որքա՜ն ցանկալի պիտի ըլլար, որ մեզի տրուէր յիշատակել հինգերորդ յաղթանակ մը եւս, այսանգամ գրական-իմացական դասէն, քանի որ մտածումի աշխարհը, իր արտայայտչականանսահման կարելիութիւններով, կ՚երթայ թէեւ զուգընթաց ուղիով, բայց շատ աւելի հեռուները,քան թէ գեղջկական մեղեդիին զուտ զգացական դիւթանքը: Բայց եթէ անկարող ենք ընել այդմէկը, արդար է, որ յիշենք գոնէ մեր մտաւորականութիւնը, որ նոր հունի մէջ մտցուց մեր լեզուն,նոր սլացք տուաւ անոր եւ ձեւաւորեց մեր Մեծասքանչը:

 

Ձեւաւորե՜լ: Ահա գործողութիւն մը, որ կեդրոնական առանցքն իսկ է քիչ մը ամէնստեղծագործութեան, որով նաեւ գրականութեան եւ արուեստի, քանի որ գրականութիւնըձեւաւորումն իսկ է ներքին եւ արտաքին աշխարհներու անիմաստ խառնակութեան: Արուեստիմարդը, լաւ եւս է ըսել` հասարակ մահկանացուն, անմիջական պահանջը ունի ապահովութեան:Այսինքն` ըմբռնելի ձեւին, ճշդորոշին եւ ճանաչելիին, բաներ` զորս ինք կը ստեղծէհարկադրաբար, սկսեալ այն բնազդական, չըսելու համար մեքենական շարժումէն, որով մարդ իրմազերը կը ձեւաւորէ ձեռքի շարժումով մը, մինչեւ Աստծոյ գաղափարը, զոր դարձուցած էըմբռնելի, միշտ ի խնդիր ապահովութեան:

 

Ձեւի յաղթանակներն են մեր չորս ազատութիւնները: Մէկը ձեւ զգեցուց ձայնին, որ շունչ էր եւ ոգի:Միւսը քարին, որ հաւատք էր եւ Լուսաւորչի Կանթեղ: Ձեւ է եւ օրէնք Զապէլ եւ ՀրանդԱսատուրներու քերականութիւնը, որ կը պայմանադրէ մեր մտածելակերպը, երբ կը ճշդէ բառերունյաջորդական կարգը նախադասութեան մէջ: Մեր մտաւորականութեան այս մտահոգութիւնը դէպիօրինաւորութիւն եւ առաւել հայեցիութիւն, խթան մը եղաւ, որպէսզի Արեւելահայն ալ սկսիսանտրել իր խառնակ լեզուն, խուսափիլ թուրք եւ թաթար բառապաշարէն եւ ռուսահնչիւնֆրանսերէնէն, որքան ալ որ համեղ ըլլայ բարբառային գրականութիւնը: Գալով մերՎարդապետին…

 

Ան երգահան էր, քիչ մը նման այն ֆրանսացի մշակին, որ թաքուն գանձ մը երեւան կը հանէ իրարօրին շեղբով եւ կը կոչուի հնարիչ (inventeur): Հայ երգը «հնարեց» Կոմիտաս, բանաւորըվերածելով գրաւոր, այսինքն փոխանցելի արուեստի: Հոս թերեւս աւելորդ չըլլայ ըսել թէ գերմանմտաւորականութեան կ՚իյնայ պատիւը առաջին անգամ հետաքրքրուած ըլլալու ժողովրդականբանաստեղծութեամբ: ԺԹ դարու վերջերուն է, որ Համան եւ Հէրտեր կ՚ըսէին. «Բանաստեղծութիւնըմարդկային ցեղին մայրենի լեզուն է»: Կոմիտաս, որ այդ կողմերէն անցաւ, չվարանեցաւ, իպահանջեալ հարկին, մեր «մայրենի լեզուն» յղկելու, ինչպէս հնարիչ մշակը կը մաքրէ իրհողածածկ գանձը: Հում բնագիրէն քիչ բան փոխեց Կոմիտաս, պիտի ըսէինք, եթէ չգիտնայինք թէքիչ բան գոյութիւն չունի բանաստեղծութեան մէջ: Միակ բառի մը, նոյնիսկ վանկի մըփոփոխութիւնը բաւ Է, որպէսզի բանաստեղծութիւնը նուազի կամ թեւածէ: Այս իմաստունմիջամտութիւնը գրաւականն էր այն սուր զգայնութեան, որով Վարդապետը կը թափանցէրբանաստեղծութեան ոգիին:

 

Այդ ոգին ինք գտած Էր հայրենի ժողովրդին ծոցը, ճակատագրական հանդիպումով մը: Տեղիունեցած էր անմիջական նոյնացում: Տեսակ մը սպառիչ գերիվարում: Իր յափշտակութիւնը նմանէր այն տագնապալից հրճուանքին, որով հնախոյզը կը կարծէ տեսնել, կը տե՛սնէ նոյնիսկխրամատի կիսաստուերին մէջ, լուսարձակումը մեր Անահիտին՝ գրեթէ անեղծ: Դարերու խորերէնյառնած շինականն է, որ կը վերսկսէր իր երգն ու շուրջպարը, ընդդէմ այս անսովոր կրօնաւորին,որ այնքան խոր կ՚ապրէր սիրերգը, որքան շարականը: Անոնք երկու երեսներն Էին նո՛յն կրօնքին:

 

Ամբողջական եւ այլամերժ սէրն Էր այդ կրօնքը, որ ի մի կը ձուլէր հայրենասէրը, երաժիշտը,տեսաբանը եւ դաստիարակը: Մարդը միակտուր էր, այլեւ ներդաշնակ բազմակերպութիւն: Իրմոգական ճպոտը կ՚արթնացնէր, ինչ որ հանգչող կրակ էր Հայու հոգիին խորը: Երգը բո՛ւն իսկ մերնախնի երգն էր, ըլլալով հանդերձ նորագոյնը: Եւ այս նորագոյն երգը հանդիպեցաւ, բարեպատեհզուգադիպութեամբ, մեր նորածագ ազատութեան, այսինքն Հիւրիէթի օրերուն, երբ հայը կ՚ապրէրզարթօնքի աննախընթաց շրջան մը:

 

Ին՜չ օրեր: «Երբ կը մտածեմ, կարծես թէ սիրտս պիտի սպառի»: Այսպէս պիտի ըսէր ՖրանսուայՎիլոն: Մեր ձայնը լսուած էր: Գրեթէ: Վեց վիլայեթները մեզի կու տային: Վեց հատ առէք կ՚ըսէին:Մենք ալ կ՚առնէինք վեց հատ: Ինչո՞ւ մարդու սիրտ կոտրել: «Գիրերու գիւտ»-ի փառապանծօրերուն, տեղացի Յոյները կ՚ըսէին մեզի. — «Փէտաքիմու, շատ մի պոռաք. Շունը դրան ետեւն է, կըլսէ…»: Այսպէս կ՚ըսէին Յոյները: Անոնք չէին գիտէր, թէ մեր բարեկամը, Թալաաթ, դժուարաւ կըզսպէր իր արտասուքը, երբ կը հետեւէր ընկեր Սիմոն Զաւարեանի դագաղին: Այդ օրերուն,Վոսփորի կապոյտ ջուրերը կը հոսէին այդ ուղղութեամբ…

 

Այս շրջանը փակող Ապրիլ 11-ը պատճառ մը չէ, որ Հիւրիէթը չմնայ այն` ինչ որ է — Հայկականվերածնունդի առաջին (համեստ) հանգրուանը, երկրորդն ըլլալով Հանրապետութեան հռչակումըորուն պիտի յաջորդէր Հայաստանի խորհրդայնացումը: Բարեբաստիկ զուգադիպութիւնը, որովԿոմիտաս ճիշտ ա՛յդ օրերուն կը բերէր իր եզակի նպաստը, միակը չէր իր տեսակին մէջ: Կարտակաւին երկրորդ զուգադիպութիւն մը, թէեւ համեստունակ տեսակի:

 

Տգեղ արտաքինով անտաշ տղամարդ մը, Արմէնակ Շահ-մուրատեան, կը կատարէր տեսակ մըհրաշագործութիւն: Շինականի իր շեշտը երգին կու տար, իր ընդոծին բնականութեամբ,անգերազանցելի բուրմունք մը եւ գունագեղում: Որպէ՜ս թէ երգը մասնաւորապէս յղացուած ըլլարա՛յդ շեշտին համար: Հրաշագործութիւնը հոն էր, որ շնորհիւ Կոմիտասի եւ իր օժտեալմեներգիչին, «դրսեցին» կը ստանար տեսակ մը ազնուականացում: Մարդու տեղ կ՚անցնէրՊոլսեցիի աչքին, իրերահաղորդ աւազանները կը գործէին լաւագոյն զեղումով ընդմէջ Պոլսոյ եւգաւառի: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ նոյն «դրսեցին» տակաւին տէրն էր երկրորդ գանձի մը, որահաւասիկ:

 

Այն առասպելական պատմուածքը, առաւել կամ նուազ բարոյացուցիչ եւ հայրենասիրական, զօրմենք կը կոչեն հէքիաթ, պէտք ունէր երկրորդ Կոմիտասի մը: Պէտք ունէր նմանարիւն հանճարիմը, որ զգար ժողովրդական զրոյցը, բիւրեղացնէր զայն եւ բանաւորը բարձրացնէր գրականի: Այդհանճարը պակսեցաւ մեզի: Անոնք, որ փորձեցին գրական այդ սեռը, մնացին միջակէն վար,հակառակ անոր, որ հարազատ զաւակներն էին գաւառի: Մեր ժողովուրդը, որ անգրագէտ էրբարձրագոյն տոկոսով, իր երեւակայութիւնը վստահած էր հէքիաթի մոգական զօրութեան,թոնիրին շուրջ խմբուած բոլորակի: Առասպելը չէր կրնար ըլլալ նուազ ինքնատիպ քանբանաստեղծութիւնը: Բայց ան չհասաւ արուեստի բարձրութեան: Այնպէս որ հայ ընտանիքը մնացինքն իր վրայ գոց եւ ամրափակ: Եւ եթէ չխորշինք այն թակարդներէն, զորս նմանեզրութիւնը կըլարէ գրողին առջեւ, կրնանք առնել օրինակը, ինչո՞ւ չէ, ջերմաչափին:

 

Հայ պետականութեան կործանումը նման է ջերմաչափի ջախջախումին, որով նաեւ սնդիկիկոտորակումին: Հայ ընտանիքը սնդիկի այն ամրակուռ մետաղեայ գնդիկն է, որ կը ցրուիխօլաբար: Ինքն իր վրայ գոց` ան կը մնայ այլամերժ եւ բացառիկ ուժով կը դիմադրէ Թուրքին, որկը կոչէ «այլազգի»: Ընտանիքի գաղափարին միսթիքը չի կրնար սակայն փոխարինել ազգայինզգացումին միսթիքը: Որպէսզի կատարուի տարտղնուած գնդիկներուն այնքա՜ն ցանկալիմիացումը, ոմանք պահանջը զգացին բարձրաստիճան ջերմութեան, ձուլելու համար սնդիկը, որմետաղ է: Յեղափոխութիւնը, կամ ինչ որ անոր կը նմանէր, ձախողեցաւ ողբերգականօրէն: Եթէճիշդ է, որ անոր մէկ անուղղակի հետեւանքն եղաւ կովկասեան փրկարար յաջողութիւնը, ուղղակիհետեւանքով՝ ցրւումը սաստկացաւ, այս անգամ ամբողջ երկրագունդի մակերեսին: Եւ եթէ աչքիառջեւ ունենանք սա յառաջտւութիւնը — անհատ, ընտանիք, ազգ եւ մարդկութիւն, կը տեսնենք,որ Հայը անշարժացած է երկրորդ հանգրուանին վրայ ու չէ հասած ազգութեան աստիճանին:Այսօր կան տարանջատ ընտանիքներ, բայց չկայ ազգն Հայոց:

 

Անշուշտ Հայկական լեզուն, աջակցութեամբ Եկեղեցիին, պիտի կրնար, շատ անգամ կրնա՛յբարեբախտաբար, միութեան տարր մը կազմել հողմացրիւ Հայութեան մէջ: Բայց ամենազօր չէան, քանի որ անցեալի բարբառներուն վրայ կու գան աւելնալ նորեր, ողբալի խառնակութեամբ:Կոմիտասն է, որ կը տապալէ պատուարները: Սպասելով այն օրուան, երբ պիտի զետեղուիպետականութեան հիմնաքարը, այսօ՛ր, մեր գաղթականութեան ներկայ վիճակին մէջ, Կոմիտասնէ միայն, որ ընտանեկան հանգրուանէն բարձրացած է ազգայինին: Հո՛դ է իր մեծութիւնը: Կը բաւէըսել — «Սիրտս նման է էն փլած տներ», որպէսզի Հայը հասկնայ ուրիշ Հայ մը:

 

Կ՚ուզեմ վերջին հատուածս տրամադրել մեր թմբուկին: Հանճարը կրնայ ծնիլ գաւառի խորը, բայցմայրաքաղաքն է, որ զայն կը նուիրագործէ: Ան է, որ կը տարածէ համբաւը, ըլլալով արձագանգիչթմբուկ (caisse de résonance)։ Եւ մեր մայրաքաղաքը Պոլիսն էր: Պէտք է ցաւիլ, որ այս` այսպէս էր։Բայց մեղքը Պոլիսինը չէ, երբ կովկասահայ զանգուածը մնացած էր ռուսամոլ, ծիծաղելիսնոպիզմով եւ անպատրաստ, իր ցրուածութեա՛մբն իսկ, թմբուկի դերին։ Սիմոն Վրացեան, որկարելի չէ կողմնակալութեամբ ամբաստանել այս պարագային, կը վկայէ թէ Վարդապետըստիպուեցաւ խոյս տալ Կովկասէն եւ Վանքի հեղձուցիչ մթնոլորտէն։ Ան Պոլսոյ մէջ միայն կրնարգտնել այն տարրը, զոր կը փնտրէր եւ զոր գտաւ:

 

Արդարեւ, պոլսահայութիւնը իսկոյն շրջապատեց Վարդապետը իր գրագէտներու բազմահոյլփաղանգով, իր հնչեղ մամուլով, վարժարաններու լայն ցանցով, այլ մանաւանդ իր խանդավառերիտասարդութեամբ: Օդը թնդաց: Պոլսահայը պաշտեց իր Կոմիտասը, բայց ափսո՜ս, չկրցաւպաշտպանել զայն:

 

Երբ օրացոյցը նշեց Կարմիր Կիրակի, աղէտը դարման չունէր: Ժամը ուշ էր, եւ արեւը խաւարած:

 

Եւ Վարդապետը բռնեց ճամփան Չանկըրը-Այաշի, որ կ՚երկարի մինչեւ Վիլ-Էվրար:

 

Ան ինկաւ Գողգոթայի ճամփան վրայ մէկ անգամ, յետոյ երկու անգամ, եւ ոչ մէկ գիտութիւն կրցաւարգիլել վերջին անկումը:

 

Ան որ նուրբ եղէգ մըն էր հրաշագործ, ան ճաթեցաւ: Եւ այդպէս մնաց: Վահան Թէքէեան կ՚ըսէ. —«Ճպոտն ընդմիշտ ճաթած է հիմա…»:

 

Եւ որովհետեւ խաչուեցաւ ան, եւ որովհետեւ թաղուեցաւ ան, ահա յարութիւն կ՚առնէ մերանսահման պաշտամունքին եւ խանդաղատանքին մէջ, ան` Ազատն Կոմիտաս:

 

 

 

 

 

Յօդուածի թուայնացումը՝   Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանի