image

Սէուտական Արաբիա միլիոնաւոր տոլարներ կը տրամադրէ լիբանանցի ղեկավարներու.. պատճառը «Հըզպալլա»ն է

Սէուտական Արաբիա միլիոնաւոր տոլարներ կը տրամադրէ լիբանանցի ղեկավարներու.. պատճառը «Հըզպալլա»ն  է

Սէուտական Արաբիա աւելի քան 300 միլիոն տոլար բաժնած է Լիբանանի սիւննի քաղաքական գործիչներու, ցեղապետերու, ինչպէս նաեւ իր հետ համագործակցող ոչ սիւննի ղեկավարներու, նպատակ ունենալով սիրաշահիլ զանոնք «Հըզպալլա»ի, ու մանաւանդ նախագահ Աունի դէմ իր պայքարին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալ Ճուպայր սուր քննադատութեան ենթարկած է նախագահ Աունը, զինք մեղադրելով «Հըզպալլա»ի անունով հանդէս գալու մէջ, նկատի ունենալոգ Աունի այն ելոյթը, ուր վերջինս յայտարարած էր, որ թոյլ պիտի չտրուի որեւէ արտաքին ուժի Լիբանանի ինքնիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարելու, եւ ինք ամէն գինով պիտի յաջողի երկիր վերադարձնել վարչապետ Հարիրին:

Աուն իր ելոյթի ժամանակ նաեւ սպառնալիք ուղղած էր Սէուտական Արաբիոյ դէմ, յայտնելով, որ պատրաստ է դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, պահանջելով Հարիրին կալանքի տակ պահելու մէջ մեղադրել Սէուտական Արաբիան ու անոր նկատմամբ պատիջներ սահմանել: