image

S-400-ի կից Patriot. Էրտողան պիտի լուծէ՞ թուրք-ամերիկեան թնճուկը

S-400-ի կից Patriot. Էրտողան պիտի լուծէ՞ թուրք-ամերիկեան թնճուկը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէջ Թայէպ Էրտողանը ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբին առաջարկած է ռուսական С-400 զէնիթահրթիռային համալիրներուն զուգահեռ գնել նաեւ ամերիկեան արտադրութեան Patriot զէնիթահրթիռային համալիրներ, գրած է Reuters-ը:

Թուրքիոյ ղեկավարը նաեւ յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի` 5-րդ սերունդի F-35 կործանիչներու արտադրութեան ծրագրին Անգարայի մասնակցութեան հարցը արդէն փակուած է:

«Ես ԱՄՆ-ին առաջարկ ըրած են. ես Թրամբին ըսած եմ, որ մենք կրնանք ռուսական С-400 զէնիթահրթիռային համակարգերուն զուգահեռ անոնցմէ գնել նաեւ ամերիկեան արտադրութեան Patriot-ներ»,- ըսած է Էրտողանը:

Թուրքիոյ առաջնորդը նաեւ նշած է, որ Թրամբը առաջրկած է միացեալ ուժերով աշխատիլ տուեալ հարցի շուրջ:

Նշենք, որ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ կողմէ միջազգային սքանտալ հրահրած է. Միացեալ Նահանգները կը պահանջէ հրաժարիլ գործարքէն եւ փոխարէնը ձեռք բերել ամերիկեան Patriot համակարգեր: Հրաժարելու պարագային Ուաշինկթընը հետեւանքներով սպառնացած է: