Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պիտի այցելէ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած ղարաբաղեան Շուշի քաղաք: Ան այցի մասին յայտարարած է Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (ԱԶԿ) նիստին ունեցած ելոյթի ժամանակ:
Այցը տեղի պիտի ունենայ 15 Յունիսին: Էրտողանին պիտի ուղեկցի Իլհամ Ալիեւը: Էրտողանն Ատրպէյճան պիտի մեկնի Թուրքիա-Ուելս հանդիպումը համատեղ դիտելու համար, որ տեղի պիտի ունենայ 16 Յունիսին Պաքուի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ: