Ռուսական մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած բեռնատար ինքնաշարժներ կը շրջին Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու տարբեր թաղամասեր, նպատակ ունենալով հասնիլ բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ օգնութեան ձեռք մեկնել անոնց, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Կարիքաւոր ընտանիքներու որոնողական աշխատանքները կ'իրականացնէ Հմայհէմ ռազմակայանի մէջ տեղակայուած յատուկ յանձնաժողովը, որ հարցուփորձի միջոցով ուսումնասիրելով իւրաքանչիւր շրջանի բնակչութեան կարիքները, համապատասխան օգնութիւն կը ցուցաբերէ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ տրամադրած օգնութիւններ ու անոնց իրականացուցած ռազմական գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ երկիրը փրկուեցաւ «Իլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման վտանգէն, մեծապէս կ'ողջունուի բնակիչներու կողմէ, որոնք իրենց երախտիքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնեն ռուսական ուժերու ներկայացուցիչներուն: