image

Ռուսաստան մարդասիրական օգնութիւններ կը հասցնէ Ալ Ռուքպան գաղթակայան

Ռուսաստան մարդասիրական օգնութիւններ կը հասցնէ Ալ Ռուքպան գաղթակայան

Ռուսական հաշտեցման կեդրոնի պաշտօնական խօսնակ Վլատիմիր Միլիշն յայտարարած է, որ կեդրոնը բանակցութիւններ կը վարէ Սուրիա-Յորդանան սահմանին գտնուող գաղթակայանի բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւններ հասցնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Միլիշն յայտնած է, որ կեդրոնը սննդամթերք, դեղոայք եւ ձմեռնային հագուստեղէն պատրաստած է, Ալ Ռուքպան գաղթակայան ուղարկելու նպատակով, որմէ ետք նոյն ինքնաշարժներով անկէ դուրս պիտի բերուին վտանգաւոր հիւանդութիւններով տառապողները:

Նշենք, որ Ալ Ռուքպան գաղթակայանը Հոմսի Ալ Նաթֆ շրջանին մէջ կը գտնուի եւ շրջապատուած է ահաբեկչական խմբաւորումներով: Գաղթակայանի բնակչութեան մեծ մասն այնտեղ ապաստանած է 2014 թուականին «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման առաջացումէն ետք, նպատակ ունենալով այնտեղէն Յորդանան անցնիլ:

Ներկայիս Յորդանանի սահմանը փակ ըլլալուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւններ հասնելու անհնարութեան պատճառով գաղթակայանի տասնեակ հազարաւոր փախստականները շատ ծանր վիճակի մատնուած են: