Իտլիպի մէջ եղած օդանաւային հրթիռարձակումները պատահական չեն: Ու հակառակ անոր, որ Մոսկուա կտրականապէս կը հերքէ այդ շրջաններուն դէմ օդանաւային գրոհներ կատարելու մասին տեղեկութիւնները, բացորոշ է, որ ռուս- ամերիկեան համաձայնութեան հիմքով վճռուած է ծանր հարուած տալ սիւննի թեքում ունեցող «Ալ Նըսրա» ճակատին: Իտլիպի մէջ եղած ծանր գրոհներուն առընթեր Սուրիոյ ընդդիմադիր «Դիտարան» կայքը կը հաղորդէ, որ «Ալ Նըսրա» ճակատի բարձրաստիճան պատասխանատուներ, իմանալով ըլլալիք գրոհներուն մասին, լքած են այդ աւանին մէջ եղող իրենց կեդրոնատեղիները: Այս բոլորը կը նշանակեն, որ «Ալ Նըսրա» ճակատը յառաջիկայ հանգրուանին պիտի դառնայ մեծ դաշինքին հիմնական թիրախը: Գերտէրութիւնները այս որոշումը գործադրելով, որոշ դրական մթնոլորտ մը պիտի փորձեն ապահովել Սուրիոյ տագնապի բանակցային գործընթացին: Չմոռնանք, որ «Ալ Նըսրա» կը համարուի այդ բանակցութիւնները խանգարելու ուժ ունեցող հիմնական գործօններէն մէկը: Այս բոլորէն անդին կարեւոր է նաեւ հասկնալ, որ «Ալ Նըսրա», ինչպէս երէկ այսօր ալ կը համարուի Անգարայի թիւ առաջին խաղաքարտը Սուրիոյ մէջ: