Իսրայէլցի դիւանագէտ Իսրայէլ Շամիր ռուսական «Tsargrad» կայքին պատմած է Թրամբի փեսային ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին միջեւ Ռիատի թագաւորական պալատին մէջ կայացած արդիւնաւէտ հանդիպման մասին:
Դիւանագէտին համաձայն, հանդիպումը տեւած է ամբողջ գիշերը, մինչեւ առաւօտեան ժամերը, որուն ընթացքին կողմերը Արաբական աշխարհի եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի ապագային վերաբերեալ նոր նախագիծեր մշակած են:
Իսրայէլցի դիւանագէտը համոզում յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պին Սալման պատրաստ է անգամ Արաբական Աշխարհի թշնամի Իսրայէլի հետ համագործակցիլ, իր ոխերիմ թշնամիին՝ Իրանի դէմ պայքարելու նպատակով, իսկ զոյգ այրերու հանդիպումը սկիզբ դրած է տարածաշրջանին վերաբերող ամերիկա-սէուտական նոր ռազմավարութեան, որուն առանցքը «Հըզպալլա»ի ոչնչացման ուղղութեամբ տարուելիք պայքարն է:
Ռազմավարութեան մանրամասներուն անդրադառնալով Իսրայէլ Շամիր յայտնած է, որ կողմերը համաձայնութիւն պիտի կայացնեն Պաղեստինի ու Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիր կնքելով Պաղեստինը արաբներուն յանձնելու, որուն փոխարէն ԱՄՆ եւ Իսրայէլ պիտի պարտաւորուին հարուածել «Հըզպալլա»ն ու չէզոքացնել անոր ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: