Քուէյթի մէջ երէկ, 24 Յունուարին ՆԱԹՕ-ի առաջին կեդրունի բացումը տեղի ունեցած է: Այս մասին կը յայտնէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, կեդրոնը հիմնադրուած է «Սթամպուլի Համագործակցութեան Նախաձեռնութեան» կողմէ, որ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարներու կողմէ հաստատուած է 2004 թուականին, եւ որուն նպատակն է ՆԱԹՕ-ի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն միջեւ անվտանգութեան պահպանումը:
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթընպըրկ, Քուէյթի Արտաքին Գործոց նախարար Սապահ Ալ Խալէտ Ալ Սապահ, Պահրէյնի Արտաքին Գործոց նախարար Ահմատ Ալ Խալիֆա, Արաբական Ծոցի երկիրներու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ապտ Ալ Լաթիֆ Ալ Զայյանի եւ ուրիշներ:
Իր խօսքին մէջ Սթոլթընպըրկ նշած է, որ կեդրոնի հիմնադրման նպատակը «ՆԱԹՕ-ի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խթանումն է»:
Իր կարգին, Քուէյթի Արտաքին Գործոց նախարարը շեշտած է, որ տարածաշրջանի լարուածութիւնը անհրաժեշտութիւն կ’առաջացնէ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելու: