Երեւանի 33-րդ թաղամասի (Ֆիրտուսի) տարածքին մէջ առկայ 8 յուշարձան շէնք դուրս դրուած են կառուցապատման ծրագիրէն եւ առաջիկային, Կառավարութեան որոշումով կը հանուին նաեւ գերակայ շահի որոշման մէջ տեղ գտած գոյքերու ցանկէն։
Այս մասին, Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ գումարուած Երեւանի աւագանիի Քաղաքաշինութեան եւ հողօգտագործման հարցերու եւ Մշակոյթի, կրթութեան, եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ արտահերթ նիստին, ըսաւ ՀՀ փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակի ղեկավար՝ Սերժ Վարագ Սիսեռեանը։ Նիստի ընթացքին քննարկուած է Երեւանի 33-րդ թաղամասի (Ֆիրտուսի) տարածքի վերաբերեալ հարցը։
Սիսեռեան նշեց, որ իրենք տեղեկանք պատրաստած են, որ բաղկացած է 3 մասէ։ Առաջին մասը կապուած է նախագիծի, երկրորդը՝ յուշարձան կամ ուղղակի շէնք ըլլալու, երրորդը՝ ընկերային խնդիրներու հարցերու հետ։
«2019-ին գործարարներու ցուցաբերած աշխուժութեան շնորհիւ կնքուած են եռակողմ պայմանագիրներ ներդրողներու, կապալառուի եւ կառավարութեան միջեւ։ Այդ տարածքի հողերու ձեռք բերման համար ներդրուած է մօտ 70 մլն ԱՄՆ տոլար, որու համար գործարարները ստացած են հողերու սեփականութեան վկայականներ։ 2019-ին Տիգրան Աւինեանը քննարկում ունեցած է ներդրողներուն հետ, որու ժամանակ քննարկուած է Երեւանի 33-րդ թաղամասի յատակագիծը փոխելու հարցը»,- ընդգծեց Վարագ Սիսեռեան։
Անդրադառնալով յուշարձան եւ ոչ յուշարձան շենքերուն՝ Սիսեռեան նշեց, որ տարածքին մէջ առկայ է 8 յուշարձան շէնք, որոնք Տիգրան Աւինեանի յանձնարարութեամբ դուրս ելած են Ֆիրտուսի կառուցապատման ծրագիրէն եւ Կառավարութեան որոշումով դուրս կը հանուին նաեւ գերակայ շահի որոշման մէջ տեղ գտած գոյքերու ցանկէն։
«Ֆիրտուսի թաղամաս գտնուող աղիւսաշէն շէնքը, որ չի գտնուիր յուշարձան շէնքերու ցանկին մէջ եւ երբեւէ չէ եղած։ Մենք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած ենք, որ այդ շինութեան քարերը համարակալուին եւ պահպանուին կառուցուող շէնքերէն մէկուն ճակատին։ Այս պահուն մենք բանակցութիւններ կը վարենք կառուցապատողներէն մէկուն հետ, որ Ֆիրտուսի 80 հասցէին վրայ գտնուող շէնքը, որ յուշարձան չէ՝ չքանդուի եւ դուրս գայ ծրագիրէն»,- ըսաւ Սիսեռեան։
Նախագծի վերաբերեալ վարչապետի գրասենեակի ղեկավարը նշեց, որ 2015 թուականին մշակուած է կառուցապատման հայեցակարգը, որ քննարկուած է Երեւանի քաղաքապետարանի եւ ՀՀ ճարտարապետներու միութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Տուեալ հայեցակարգը հաստատուած է ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ, նաեւ բազմիցս ներկայացուած է հանրութեան։
Ան ներկայացուց, որ 1․5 տարուայ ընթացքին լուծուած է այնտեղ ապրող ընտանիքներու հարցը, որ տարիներ շարունակ չէր լուծուած։
Ֆիրտուս թաղամասի 100-էն աւելի ընտանիք 2018 թուականէն սկսեալ ստացած են նոր եւ վերանորոգուած բնակարաններ կամ գումարային փոխհատուցում՝ 1 ք/մ-ի դիմաց միջինը՝ 1200-1300 ԱՄՆ տոլար։
Երեւանի աւագանիի նիստին ներկայ են Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Արմէն Ղուլարեան եւ Երեւան քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան։
Հեռավար կարգով ներկայ է նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան փոխ նախարար Նարինէ Թուխիկեան։