Քեսապի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Յակոբ Կիրակոսեան, որ ծանօթ է Յակոբ Պապուկ անունով: Ան ծնած է 1927-ին եւ զաւակն է հանգուցեալ Միսաք եւ Մարի Կիրակոսեաններուն: Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր ՝ Երկուշաբթի 11 Յունուար 2016-ին: Ան եղած է հաւատացեալ, բարի, ծառայասէր, պարզ եւ համեստ հայ գիւղացի մը: Յակոբ Պապուկ երկար ժամանակ ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս: Արհեստով եղած է լուսանկարիչ: Երկար տարիներ աշխատած է որպէս անտառապահ: 21 Մարտ 2014-ին Քեսապի տեղահանութեան ժամանակ ահաբեկիչները զինք ստիպողական փոխադրած են Թուրքիա, ուր երեք ամիսներ Հաթայ եւ այլ վայրեր մնալէ ետք վերադարձած Լիբանան, ապա իր ծննդավայրը` Քեսապ: