image

Քազզաֆիի որդին ազատ արձակելու «միջազգային» փորձեր կը կատարուին

Քազզաֆիի որդին ազատ արձակելու «միջազգային» փորձեր կը կատարուին

Լիպիոյ ցեղախումբերու խորհուրդի անդամ Աշրաֆ Ապտ Ալ Խալէք յայտնած է, որ սուրիա-լիպիական յանձնաժողով մը կազմուած է, որ այլ արաբական երկիրներու հետ համագործակցաբար կ'աշխատի բանակցութիւններ վարել Լիբանանի իրաւասու մարմիններու հետ, վերջիններուս մօտ 2015 թուականէն ի վեր կալանաւորուած Անիբալ Քազզաֆին ազատ արձակելու նպատակով:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, անցնող ամիսներու ընթացքին յանձնաժողովը կապ հաստատած է թէ' լիբանանեան մարմիններու եւ թէ միջազգային ուժերու հետ, փորձելով կալանքէն ազատել Հանիպալ Քազզաֆին, մանաւանդ, որ վերջինս ոչ մէկ կապ ունի այն խնդիրին հետ, որուն համար ազատազրկուած է:

Նշենք, որ Անիբալ Քազզաֆիի կալանաւորումը տեղի ունեցած էր իմամ Մուսա Ալ Սատրի հետախուզման աշխատանքներու ծիրին մէջ: