image

Պուշ պիտի չսատարէ Թրամբին

Պուշ պիտի չսատարէ Թրամբին

ԱՄՆ նախկին նախագահ հանրապետական ​​Ճորճ Պուշը նախագահի ընտրութեան պիտի չսատարէ գործող նախագահ Տանըլտ Թրամբին, կը յայտնէ The New York Times- ը:

Բացի այդ, ԱՄՆ հանրապետական ​​կուսակցութեան քանի մը այլ յայտնի անդամներ եւս պիտի չպաշտպանեն Թրամբի թեկնածութիւնը առաջիկայ ընտրութեան: Հրապարակման համաձայն՝ ներկայ նախագահին չեն աջակցիր նաեւ Ֆլորիտայի նախկին նահանգապետ Ճեպ Պուշը, Եութայի ​​ծերակուտական Միթ Ռոմնին եւ ծերակուտական  Ճոն Մաքկէյնի այրին՝ Սինտի Մաքկէյնը:

Յայտնի չէ՝ արդեօք հանրապետականները պիտի սատարեն Թրամբի մրցակից Դեմոկրատական ​​կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ճո Պայտընին: