Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական նշանակած է Ռոպերթ Օ՛Պրայանը։ Այս մասին ան տեղեկացուցած է իր թուիթըրեան էջի հրապարակմամբ՝ գովելով Օ՛Պրայանի գործունէութիւնը մինչ այդ անոր զբաղեցուցած պաշտօնին։
Օ՛Պրայանը մինչ այս կը զբաղցնէր ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի՝ պատանդներու հարցերով նախագահի յատուկ դեսպանի պաշտօնը։