image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ Մէջ Պիտի Յարգեն Փարամազ Քըզլպաշի Յիշատակը

Պոլսոյ Մէջ  Պիտի  Յարգեն Փարամազ Քըզլպաշի  Յիշատակը

Թուրքիա-  Պոլսոյ մէջ  պիտի յարգեն    Փարամազ Քըզլպաշի  յիշատակը:  Այս մասին տեղեկութիւնը  ստացանք «Արեւելք»ի աղբիւրներէն: Յիշեցնենք, որ Քըզլպաշ    զոհուած էր  Սուրիոյ քրտաբնակ  Քոպանի   շրջանին մէջ    2014 թուականին ISIS -ի ահաբեկիչներուն դէմ      եղած մարտերուն ընթացքին: Քըզլպաշ  իր «Փարամազ» անունը   ընտրած է  առ ի յարգանս Հնչակեան անուանի գործիչ      Մատթէոս Սարգիսեանին, որ յայտնի է   Փարամազ անունով:    Թուրք  ձախակողման մարտիկը          զոհուած էր 30 տարեկանին եւ ան Թուրքիոյ    Կեսարիա  շրջանէն է:Մեր  տեղեկութիւններով տարբեր խմբաւորումներու կողմէ կազմակերպուած   սոյն ձեռնարհին  պիտի արտասանուի նաեւ  Հնչակեան կուսակցութեան խօսքը: Տեղին է նշել, որ քրտական  ջոկատներ     կարեւոր ինքնապաշտպանութիւն  իրականացուցին Քոպանիի մէջ եւ ստիպեցին   «Իսլամական  պետութեան» ահաբեկիչները    հեռանալ շրջանէն: Քրտական   ջոկատներ մեծ թիւով զոհեր տուին   մարտերու ընթացքին, որոնցմէ մէկը, ազգութեամբ թուրք  եւ գաղափարանուէր ռազմիկ ՝ Փարամազ  Քըզլպաշն էր: