«Պրազիլահայերը, թէեւ հայերէն լեզուին լաւապէս չեն տիրապետեր բայց անոնց մէջ հայասիրութեան ոգին վառ է»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպս. Պէրպէրեան: Սրբազան հայրը, որ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր նշանակուած է Պրազիլիոյ թեմի առաջնորդ, նաեւ աւելցուց. «Պրազիլիոյ մէջ նաեւ առկայ է եկեղեցասիրութեան ոգին»: Ան նաեւ ըսաւ, որ եկեղեցիին համար գերագոյն նպատակ է մասնաւորաբար հայ երիտասարդներուն մէջ խորացնել այդ ոգին, որպէսզի աւելի մօտենան հայ գաղութին, եկեղեցւոյն, առաջնորդարանին եւ մաս կազմեն առկայ ծրագիրներուն»: Նարեկ Սրբազան, որ Սուրբ Էջմիածին ժամանած էր ներկայ գտնուելու Միւռոնօրհնէքի արարողութեան, ըսաւ, թէ «Գաղութի հայութեան թիւը կը գնահատուի 20-30 հազարով: Ունինք 2 եկեղեցի, Սան Փաուլոյի մէջ եւ անկէ քիչ հեռու Օզասկո քաղաքին կը գործէ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին»: