image
Հրատապ լուրեր:

«Պրազիլահայերուն Մօտ Հայասիրութեան Ոգին Վառ Է» Տ.Նարեկ Եպս. Պէրպէրեան

«Պրազիլահայերուն Մօտ Հայասիրութեան Ոգին  Վառ Է» Տ.Նարեկ Եպս. Պէրպէրեան

«Պրազիլահայերը,  թէեւ հայերէն լեզուին լաւապէս չեն տիրապետեր բայց անոնց մէջ հայասիրութեան ոգին վառ է»,-   «Արեւելք»ին ըսաւ    Պրազիլիոյ  Թեմի Առաջնորդ Տ.  Նարեկ Եպս. Պէրպէրեան:  Սրբազան հայրը, որ շուրջ  մէկ տարիէ  ի վեր նշանակուած է Պրազիլիոյ թեմի առաջնորդ,   նաեւ աւելցուց. «Պրազիլիոյ մէջ  նաեւ առկայ է  եկեղեցասիրութեան ոգին»: Ան նաեւ ըսաւ, որ եկեղեցիին համար գերագոյն նպատակ է մասնաւորաբար հայ երիտասարդներուն մէջ խորացնել  այդ ոգին,  որպէսզի աւելի մօտենան հայ գաղութին, եկեղեցւոյն,  առաջնորդարանին եւ մաս կազմեն    առկայ  ծրագիրներուն»:  Նարեկ Սրբազան, որ    Սուրբ Էջմիածին ժամանած էր ներկայ  գտնուելու Միւռոնօրհնէքի  արարողութեան,  ըսաւ, թէ «Գաղութի հայութեան   թիւը կը գնահատուի 20-30 հազարով: Ունինք 2 եկեղեցի, Սան Փաուլոյի մէջ եւ անկէ քիչ հեռու Օզասկո  քաղաքին  կը գործէ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին»: