Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է Փութինի կողմէ ռուսական ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու անակնկալ որոշման:
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ յառաջիկայ մարտ ամսոան ընթացքին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն Փութինի կողմէ թեկնածութիւն առաջարկուելէ ետք վերջինս ռուս քաղաքացիներուն հաւաստիացուցած է, որ իրենց զաւակները պատերազմէն տուն պիտի վերադառնան: «Նախընտրական քարոզարշաւի համար աւելի յարմար միջոց չկայ, քան պատերազմի աւարտ յայտարարելը»,- կարծիք յայտնած է թերթը:
Յօդուածագիրին համոզմամբ, Սուրիոյ մէջ պատերազմի աւարտ յայտարարելը նաեւ կը բխի Ռուսիոյ տնտեսական շահերէն, նկատի ունենալով երկրի տնտեսական վիճակի անկումն ու Պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէի աճը: