Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ ծննդեան տարեդարձի կապակցութեամբ։
Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մեր ժողովուրդի կարեւորագոյն հիմնարկներէն է, մեր ազգային գիտակցութեան յենասիւներէն մէկը, որ ստեղծուած է եւ որպէս ազգային հոգեւոր կառոյց կայացած է պետական մակարդակի ընդունուած որոշումներու բերումով:
Այդ որոշումները հայ ժողովուրդի պատմութեան շրջադարձային կէտեր են, որովհետեւ պետականութեան անկման շրջանին Հայ առաքելական եկեղեցին դարձաւ մեր ինքնութեան միջնաբերդը, եկեղեցական համայնքները պահեր եւ պահպաներ են վերստին պետութիւն ունենալու մեր ժողովուրդի երազանքն ու մղումը, եւ այսօրուան մեր պետականութիւնը այդ երազանքի իրագործումն է:
Եւ հետեւաբար՝ մեր բոլորիս պարտքն է պահպանել եւ ուժեղացնել այդ երազանքը, մեր լուման ներդնել անոր հզօրացման գործին, բայց այդ ամէնը հնարաւոր չըլլար առանց հաւատքի: Նաեւ ասոր մէջ է Վեհափառ Հայրապետի առաքելութիւնը՝ զօրացնել քաղաքացիներու հաւատքը՝ Աստուծոյ, պետականութեան, ազգային արժէքներու, սեփական ուժերու եւ ապագայի նկատմամբ, խրախուսել իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ պարտականութիւններու կատարումը: Թող Աստուած Ձեզի միշտ ուժ պարգեւէ՝ այս բարձր առաքելութիւնն իրականացնելու համար»: