image

Փաշինեան մինչեւ 8 Դեկտեմբեր ժամանակ ունի. Իշխան Սաղաթէլեան

Փաշինեան մինչեւ 8 Դեկտեմբեր ժամանակ ունի. Իշխան Սաղաթէլեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան կառավարական առանձնատուներուն մօտ յայտարարեց, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ 8 դեկտեմբեր ժամանակ ունի հրաժարական տալու համար։

«Մինչեւ երեքշաբթի օրը՝ ժամը 12-ը, ժամանակ ենք տալիս, որ Նիկոլ Փաշինեանն իր քաղաքական խումբի, իր խորհրդատուների հետ վերջնական քննարկի եւ որոշում ընդունի, հրաժարական տայ եւ հեռանայ»,– ըսաւ Սաղաթէլեան։

Սաղաթէլեան խոստացաւ` հրաժարականի պարագային ժողովուրդը ֆիզիքական հաշուեյարդար չի տեսներ:

Ըստ Սաղաթէլեանին,  եթէ Փաշինեան մինչեւ երեքշաբթի չհեռանայ, ամբողջ Հայաստանի մէջ անհնազանդութեան գործողութիւններ պիտի կատարեն։

Յիշեցնենք, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները այսօր համապետական հանրահաւաք կազմակերպած էին Երեւանի Ազատութեան հրապարակը։

Հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքին, ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեանը, Դադիվանքի վանահայր՝ Տէր Յովհաննէսը, դերասան՝ Վիգէն Խաչատրեանը, ԲՀԿ-ական Իվեթա Տօնոյեանը (քանի որ Գագիկ Ծառուկեան կը գտնուէր ԱԱԾ), ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արթուր Վանեցեանը։

Ապա հանրահաւաքի մասնակիցները երթով գացին դէպի կառավարական առանձնատուները, ուր դիմաւորուեցան ոստիկաններուն կողմէ։