Փարիզ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Ֆրանսայի մէջ օդերեւութաբանութեանեւ եղանակային պայմաններումասնագէտները հաստատած են, որ ամէն տարի Փարիզի մէջ 1910-ին պատահած բնական աղէտի սցենարի կրկնութեան հաւանականութիւնը մէկ տոկոս է: Այս մասին փոխանցելով «Ալ-Ժատիտ», կը նշէ, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզը 1910 թուականի Յունուարի վերջերը ապրած է իր պատմութեան մէջ ամենամեծ հեղեղը, ուր երկրի հիւսիսէն դէպի հարաւ կտրող Սէն գետի ջուրի մակարդակը բարձրացած էր աւելի քան 8.62 մեթր, այսինքն իր բնական մակարդակի երեք անգամը, հեղեղելով տուներն ու փողոցները, եւ որու հետեւանքով արձանագրուած էր հարիւրաւոր մեռեալներ եւ շուրջ 200 հազար տուժեալ մարդ, ինչպէս նաեւ նիւթական մեծ վնասներ, որ գնահատուած էր մէկ միլիառ եւրոյով: Եւ քանի որ այս ողբերգական սցենարի կրկնութիւնը հաւանական է, Ֆրանսայի իշխանութիւնները որոշած են կանխել վտանգը եւ պատրաստուիլ որեւէ արտակարգ իրավիճակի կամ հրատապ հարցի դիմադրութեան, պաշտպանելու համար Փարիզի բնակիչներն ու անոնց ունեցուածքը եւ աշխատիլ պահպանել կենսական շահերը, պատրաստելով «կեղծ» աղէտ մը, որուն դէմ առնելուն մասնակցած են 900 փրկարարներ, 150 ոստիկաններ, 40 շտապ օգնութեան մեքենաներ եւ չորս ուղղաթիռներ: Գործողութեան նաեւ մասնակցած են հանրային հատուածին պատկանող 87 կազմակերպութիւններ եւ ընկերութիւններ: Գործողութիւնը սկսած է գործադրուիլ 7 մարտին, եւ պիտի շարումակուի մինչեւ 18 մարտ:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ եթէ կրկնուի Սէն գետի ջուրի մակարդակի բարձրացման դէպքը, անոր հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան քան 1910-ի պատահարէն, նկատի ունենալով, որ ներկայիս Փարիզի եւ անոր արուարձաններուն մէջ կ'ապրին շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ, ինչպէս նաեւ լայնօրէն ընդարձակուած են քաղաքի փոխադրամիջոցներու եւ երթեւեկութեան ցանցերը: Հետեւաբար աղէտի կրկնութեան անմիջական արդիւնքը պիտի ըլլայ ելեկտրական հոսանքի եւ խմելու ջուրի անջատումը, երթեւկութեան եւ հանրային շահերու խանգարումը, տուներու եւ փողոցներու ջուրով ողողուիլը, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներու, դպրոցներու ու ծերանոցներու փակումը: