Լիբանանցի զինուորականները ֆրանսացի գործընկերներուն հետ համատեղ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ յայտնաբերած են քիմիական թունաւոր նիւթերով 79 բեռնարկղ։ Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
«14-22 Օգոստոսին յայտնաբերուած է հիտրոքլորաթթուի 25 բեռնարկղ, ինչպէս նաեւ 54 բեռնարկղ՝ այլ նիւթերով, որոնց արտահոսքը աղէտալի կ'ըլլար»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պայթում որոտացած է։ Աւերուած եւ վնասուած են հարիւրաւոր տուներ, մեքենաներ։ Մաքսային ծառայութիւններու կողմէ 2014 թուականին գրաւուած ու պահեստը պահուած 2750 թոն ամոնիում նէթրայթի պայթումը աւելի քան 170 մարդու կեանք խլած է։