image
Հրատապ լուրեր:

Պէրլինի մէջ տօն, Հալէպի մէջ ՝ սուգ

Պէրլինի  մէջ տօն, Հալէպի  մէջ ՝ սուգ

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ երէկ հրապարակուած հայանպաստ  բանաձեւին  առաջին արձագանքներուն  հետ  Հալէպի հայկական  թաղամասերը դարձեալ կը դառնային կիզակէտ:  Մասնաւորապէս «Նոր  Գիւղ»ի  հայկական  շրջանին  վրայ եղած ծանր հրթիռարձակումներուն հետեւանքով չորս  հայորդիներ կը զոհուէին: Մարդկային այս ծանր կորուստներուն կողքին կը հասցուէին նիւթական մեծ վնասներ: Հալէպը կը դառնար բոլորին ուշադրութեան կիզակէտը:  Ու դէպքերուն առընթեր արդարացի հարցումներ կը հնչէին: Արդեօք  կապ մը կա՞ր Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումին  եւ Հալէպի   ծանր  դրութեան մը մէջ յայտնուելուն հետ: Կամ արդեօք եղածը  պատահականութիւնէ  անդին երթալով  կը կատարուէր Անգարայի ուղղակի  միջամտութեամբ:  Բնականաբար այս հարցադրումները    պիտի շարունակեն մտատանջել  մեզ, այնքան ժամանակ, որ  հայկական նուիրական  աւանը կը շարունակէ արիւնահոսիլ: Ու այս պարագային  հարցադրումները  այնքան ալ կարեւոր չեն, ինչքան  ապրուած  վիշտին ու համատարած  ցաւին ընդհանուր տեսարանը:

Հալէպը  այսօր մեր աչքերուն  առջեւ  կ'արիւնահոսի:   Իր երբեմնի փառքի օրերէն   շատոնց  հեռացած այս  հայաքաղաքն  այսօր կը գտնուի   աւերումի եւ  վերջնական վերացման   լուրջ վտանգներուն  դիմաց: Ու մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր ուղղակի  կամ անուղղակի մեղքի բաժինը ունի  այս   վիճակներուն դիմաց:

Իրօք ո՞ւր էինք մենք անցնող 5 տարիներուն: Եւ  ինչո՞ւ չկարողացանք ճիշդ     կողմնորոշումներ  ընելով  խնայել  հալէպահայութեանը  եւ օգնել մեր հայրենակիցներուն, որ    իրենցմէ հեռու պահեն    փորձութեան լեղի  բաժակը:

Շատեր պիտի առարկեն, որ անհնար էր որեւէ արմատական լուծում բերել  այս խնդրին: Ուրիշներ դաւաճանութիւն պիտի համարեն Հալէպը իր  իրական  բնակիչներէն    դատարկելու   մասին եղած խօսքերը:  Ոմանք պիտի գոհանան  դրամական օժանդակութիւններ տրամադրել ու ձգել, որ գաղութը «իր իւղով տապկուի»: Բայց այս բոլորէն անդին իրականութիւն է, որ Հալէպը այսօր կը դատարկուի:  Անոր  վիրաւոր ու   մահէ  խուսափող որդիները  կը տարածուին ամէն ուր: Ու    մեր   հարազատներուն՝ Հայաստան     հաստատուելու մասին հնչող  կոչերը կը դառնան  սովորական ու   կեղծ սլոկաններ:

Ի՞նչ ընել այս իրավիճակներուն առջեւ եւ ինչպէ՞ս շարժիլ, որ այսօր Հալէպի մէջ մնացող   ու դիմադրող  մեր հայրենակիցները  փրկուին մահուան  ճիրաններէն:

Ու այս բոլորէն անդին  այս մտորումներուն  առընթեր, պիտի ըլլան մարդիկ, որ ճիշդ  հասկնան   դէպքերուն իսկական բնոյթը եւ անկեղծօրէն  շարժին  փրկելու համար   Հալէպի վերջին մասնիկը:

Դժուար է  այս հարցին կապակցութեամբ  լիարժէք պատասխաններ կամ լուծումներ  ակնկալելը, սակայն յստակ է նաեւ, որ հալէպահութիւնը   կամ  ցայսօր հոն   պայքարող ու դիմադրող մեր  հայրենակիցները դարձած են Միջին Արեւելքի  մեծ քարտէզին վրայ  տեղի ունեցող     մեծ  շահարկումներուն  ու խաղի   կանոն  դարձած  առեւտուրին:

Կը մնայ յուսալ, որ    հալէպահայութիւնը նուազագոյն  կորուստներով  դուրս գայ  այս երկարող  խաղէն, որուն   փապուղղին ծայրը մինչեւ այս   պահը լուսաւոր  կէտ մը չերեւիր:

 

 «Արարատ» Պէյրութ