Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մեսութ Պարազանի կը շարունակէ 25 Սեպտեմբերին անկախութեան հանրաքուէ իրականացնելու հարցին մէջ վճռական մնալ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Timeturk» լրատուական կայքը:
Ըստ աղբիւրին, անդրադառնալով հանրաքուէի յետաձգման մասին խօսակցութիւններուն, Պարազանի ըսած է. «25 Սեպտերբերին անկախութեան հանրաքուէ պիտի իրականացու: Հանրաքուէն պիտի չյետաձգուի, եւ ես համաձայն եմ Պաղտատի հետ երկխօսութիւն սկսելու»:
Խօսելով Նոյեմբեր ամսուն իրականացուելիք շրջանի ղեկավարի ընտրութիւններուն մասին, Պարզանի նշած է, որ իր թեկնածութիւնը պիտի չդնէ:
Աւելի վաղ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մեսութ Պարազանի յայտարարած է, որ անկախութեան համար հանրաքուէ իրականացնելը քիւրտերուն բնական իրաւունքն է եւ եթէ որոշ ուժեր փորձեն խոչընդոտել Քիւրտիստանի անկախութեան համար կայանալիք հանրաքուէն, ապա արիւնալի պատերազմ պիտի սկսի: