image

Պապայեաններու ընտանիքը Երեւան կը հաստատուի

Պապայեաններու ընտանիքը Երեւան կը հաստատուի

Կարճ ժամանակ մը Պէյրութ ապրելէ ետք Պապայեաններու ընտանիքը (4 հոգի) այսօր Երեւան կը հասնի: Նշենք, որ «Արեւելք» Պապայեաններուն մասին գրած էր աւելի վաղ յայտնելով, որ անոնք յայտնուած են դժուար կացութեան մը մէջ եւ կը փափաքին Պէյրութէն հեռանալով Երեւան հաստատուիլ: Յովսէփի եւ Նորմայի ու անոնց զաւակներուն Ռիթայի եւ Լեւոնի կոչին ընդառաջած էին «Հալէպ» բարեսիրական միութիւնն ու անհատ բարերարներ, որոնք այսօր պիտի դիմաւորեն Պապայեաններն ու յարմար կագադրութիւններ ընելով զիրենք տեղաւորեն բնակարանի մը մէջ: Նշենք, որ Պապայեաններու տոմսի գումարները հոգացած է «Հալէպ» բարեսիրական միութիւնը, իսկ անհատ բարերար,  նախկին լիբանանահայ Ռաֆֆի Տուտագլեան ձեռնամուխ եղած է լուծելու անոնց կեցութեան եւ ապրուստի հարցերը:

Բարի գալուստ հալէպահայ հայրենադարձներուն: