Արցախի Աղաւնո շրջանին մէջ հաստատուած Կէնէճեաններու ընտանիքը կարիքն ունի մեր բոլորի նիւթական աջակցութեան։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ ընտանիքի աջակիցներէն:
Կը նշուի նաեւ, որ մինչեւ այս լուրին ներկայացուիլը կարելի եղած է Կէնէճեաններուն համար հաւաքել շուրջ 1500 ԱՄՆ տոլար, դրամահաւաքը կը շարունակուի։
Բոլոր անոնք, որ տրամադիր են օգնութիւն կատարել, կրնան սեղմել՝ այստեղ։
Յիշեցնենք, որ Կէնէճեանները պէյրութցի են, անոնք Արցախ հաստատուած են Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն անմիջապէս ետք։