Միջազգային ոչ կառավարական «World Justice Project» կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2016-ի «Օրէնքի գերակայութեան ինտեքսը». կը գրէ թրքական «Sözcü» թերթը: Զեկոյցին մէջ Թուրքիան 113 երկիրներու շարքին գրաւած է 99-րդ տեղը: Հետազօտութեան մասնակցած է աւելի քան 100.000 մարդ, արդիւնքներու վերլուծութեամբ զբաղուած է աւելի քան 3.000 մասնագէտ:
Օրէնքի նուազ գերակայութեան առումով, Թուրքիոյ կը յաջորդեն Ուկանտան, Քամպոճան եւ Նիքարակուան:
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ տարբեր կազմակերպութիւններու ունեցուածքը կը բռնագրաւուի, իսկ հազարաւոր մարդիկ ազատազրկուած են, առանց նոյնիսկ մեղադրական եզրակացութիւններ կազմուած ըլլաուն:
Թերթը նաեւ կը յայտնէ, որ ոչ միայն միջազգային հանրութիւնը չի վստահիր Թուրքիոյ, այլեւ իր՝ Թուրքիոյ քաղաքացիները: «Անվստահութեան ամենագլխաւոր պատճառն այն է, որ Թուրքիոյ մէջ օրէնքը գործնականօրէն չի գործէր», -եզրափակած է յօդուածագիրը: