image

Օպամա իր հրաժեշտի ճառը սկսած է ամերիկացիներուն շնորհակալութիւն յայտնելով

Օպամա իր հրաժեշտի ճառը սկսած է ամերիկացիներուն շնորհակալութիւն յայտնելով

ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա երկրի ղեկավարման պաշտօնէն հեռանալու իր հրաժեշտի խօսքը սկսած է իր եւ կնոջ՝ Միշէլ Օպամայի անունով ամերիկացիներուն շնորհակալութիւն յայտնելով, իր ղեկավարման տարիներուն անոնց կողմէ շնորհուած աջակցութեան եւ վստահութեան համար:

«Տասը օր անց աշխարհը կը տեսնէ մեր ժողովրդավարութեան տարբերակիչ առանձնայատկութիւնը՝ իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը ազատօրէն ընտրուած նախագահէն դէպի միւսը», - ըսած է Օպաման՝ աւելցնելով, որ իր վարչակազմը «ինչքան հնարաւոր է հարթ  ձեւով կ'իրականացնէ իշխանութեան փոխանցումը»:

Յիշեցնենք, որ Օպաման իր եզրափակիչ ելոյթը տուած է Շիքակոյի մէջ, ուր ան հանդէս եկած էր իր առաջին ելոյթով 2008-ին՝ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթելէն ետք: