image

Նպատակս է բարձր պահել Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Իրաքի հայութեան անունը. Մարալ Համօ

Նպատակս է բարձր պահել  Հ.Մ.Ը.Մ.ի  եւ Իրաքի հայութեան անունը. Մարալ Համօ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Իրաքի սուսերամարտի 2017 տարուան  ախոյեան՝ Մարալ Համօն:

 

Հակառակ Իրաքի մէջ տիրող ծանր  պայմաններուն  տեղի հայկական գաղութը (խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս մայրաքաղաք Պաղտատին) կը  շարունակէ իր գործունէութիւնը:  

 

Ընթացիկ տարուան ընթացքին Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամներէն  Մարալ Համօ կարեւոր ձեռքբերում մը գրանցելով յաջողեցաւ փայլուն յաղթանակ մը գրանցել եւ դառնալ 2017 տարուան Իրաքի սուսերամարտի  ախոյեան:

 

Մարալ Համօ, որ  յարմար նկատած է օգտագործել  «Մարալօ  սարի աղջիկ» դիմատետրի անունը, սուսերամարտի մէջ կլանուած երիտասարդուհի մըն է, որուն ապագայի երազները կը տարածուին նաեւ Իրաքի սահմաններէն անդին:

 

«Արեւելք»ի աշխատակիցը յաջողեցաւ Մարալին հետ խօսիլ, որուն արդիւնքով  ալ ունեցանք  ստորեւ տրուած հարցազրոյցը:

 

 

-Կրնա՞ք պատմել, մարզական կեանքէն ներս ձեր առաջին քայլերուն մասին: Ե՞րբ սկսած էք մարզանքով զբաղուիլ: Ի՞նչ պատճառներ եղած են, որպէսզի այս ուղին ընտրէք:

 

Առաջին մարզական քայլերս սկսած եմ 2008-ին: Հ.Մ.Ը.Մ-ի դաշտէն ներս, ուր ես որպէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ական յաճախ կը գտնուիմ, սուսերամարտի շատ մրցումներ տեղի կ'ունենային: Խաղի այդ ձեւը հրապուրեց զիս եւ ուշադրութիւնս գրաւեց: Նոյն ժամանակ մարզիչէն իմացայ, որ նոր խումբ պիտի կազմեն անչափահաս (18-էն վար եղող) տարիքի համար, եւ ես, որ այդ ժամանակ 15 տարեկան էի, անյապաղ փափաք յայտնեցի մաս կազմել այդ խումբին:

 

Գիտենք,  որ 2017-ին Իրաքի սուսերամարտի առաջնութիւնը շահած էքԱռաջի՞ն մրցանակն էր որուն կ'արժանանաք: Ինչ կը պատմէք այդ մրցումներու մասին:

Ոչ, 2017-ի առաջնութիւնը առաջին մրցանակս չէր: Ինչպէս ըսի, 2008-ին երբ միացայ սուսերամարտի նորակազմ խումբին, նոյն տարին ալ  եղաւ առաջին մասնակցութիւնս, երբ երրորդութեան տեղը գրաւեցի եւ ստացայ պրոնզէ մետալ:

Այնուհետեւ սկսայ ջանք թափել՝ առաջանալու համար, եւ այդ նպատակով Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բոլոր մրցումներուն մասնակցեցայ եւ լաւագոյն արդիւնքներ  գրանցեցի:

2017-ին  իրականացուցի  մեծագոյն ձեռքբերումս, երբ  մասնակցեցայ  Իրաքի սուսերամարտի կանանց ամենաբարձր մակարդակի մրցաշարքին եւ առաջնութիւնը շահեցայ:

Այստեղ կ'ուզեմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել մարզիչիս Պրն. Ռաէտ Ալ-Շէյխլիին, իմ մարզումներու տարիներուս ընթացքին իր հետեւողականութեան եւ ջանքերուն համար: Այդ երկար տարիներու աշխատանքէն ետք ալ, ես այսօր դարձած եմ Իրաքի կանանց սուսերամարտի հաւաքականի խումբի անդամներէն մին:

 

 

 Դուք Իրաքի Հ.Մ.Ը.Մ-ի  ակումբի անդամ էք: Իրաքի մարզական կեանքէն ներս ինչպիսի դիրք կը գրաւէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, առաջատարներէ՞ն է:

Այո՛, Հ.Մ.Ը.Մ Պաղտատի մասնաճիւղը Իրաքի մեջ մարզական ամենափայլուն ակումբներէն մին է, որովհետեւ իր մարզական խումբերը միշտ լաւ արդիւնքներու կ'արժանանան եւ հակառակ երկրին  մէջ տիրող դժուարին  եւ անապահով դրութեան,  Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ  կը փորձեն առաւելագոյն չափով մրցումներու մասնակցիլ:

 

Պաղտատի մէջ ո՞ւրիշ հայկական մարզական ակումբներ կա՞ն: Հայ մարզիկները առանձնայատուկ դիրք մը կը գրաւեն Իրաքի մարզական կեանքին մէջ:

Իրաքի մէջ իբր մարզական ակումբ կը գործէ միայն Հ.Մ.Ը.Մ-ը: Բայց կան հայկական այլ ակումբներ եւս, որոնք աւեի շատ մշակութային եւ ընկերային գործունէութիւն կը ծաւալեն:

 


 

Կը մտածէ՞ք ձեր մասնագիտութիւնը այս ուղղութեամբ շարունակել, թէ ուրիշ նախասիրութիւններ ալ ունիք: Ձեր ապագան ուր կը տեսնէք:

Փափաքս է ապագային մասնակցիլ միջազգային մրցաշարքերու եւ  դիրքեր գրաւել, որպէսզի կարենամ օգտակար դառնալ սերընդակիցներուս եւ միշտ բարձր պահեմ  Իրաքի հայութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անունը: Այս փափաքս իրական դարձնելու  համար  այսօր ալ  աշխատանք  կը տանիմ  եւ յոյսով եմ,  որ կը հասնիմ նապատակիս:

Որպէս  վերջին  խօսք, ի՞նչ կ'ուզէք ըսել:

Վերջին խօսքս կ'ուզեմ ուղղել ձեզի ՝ «Արեւելք»ին , շատ շնորհակալ եմ, որ ինծի այս առիթը տրուեցաւ, որպէսզի իմ մարզական կեանքիս մասին խօսիմ:  Ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի: Ձեր վարձքը կատար:

 

 Հարցազրոյցը ՝ Ա.Չ.ի