image

Նասրալլա-Պասիլ «կարեւոր» հանդիպում. Ի՞նչ էր թեման

Նասրալլա-Պասիլ «կարեւոր» հանդիպում. Ի՞նչ էր թեման

«Ալ Ճումհուրիէ» թերթը փոխանցած է, որ անցնող ուրբաթ օր հանդիպում տեղի ունեցած է «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլայի եւ Ազատ ազգայիններու շարժման նախագահ Ճուպրան Պասիլի միջեւ, որ տեւած է 4 ժամ:

Հանդիպումը տեղի ունեցած է ի լրումն այն հեռախօսազրոյցներուն, որոնք վերջինս կ'իրականացուէին երկու ղեկավարներուն միջեւ:

Աղբիւրին համաձայն, հանդիպումը կայացած է դրական մթնոլորտի մէջ, եւ կողմերու յարաբերութիւնները վերստին կարգաւորուած են, նշելով, որ հանդիպման նպատակներէն մէկն էր ընտրութիւններու ժամանակ տեղի ունեցած տարակարծութիւնները մէկդի դնելով նոր էջ բանալ զոյգ կողմերու յարաբերութեանց մէջ:

Ինչ կը վերաբերի կողմերու հեռանկարներուն, վերջիններս պայմանաւորուած են միասին պայքարին ընդդէմ կաշառակերութեան: