image

Նախարար Տօնոյեան հանդիպած է Ռուսաց Պաշտպանութեան նախարարին հետ

Նախարար Տօնոյեան հանդիպած է  Ռուսաց Պաշտպանութեան նախարարին հետ

23 Օգոստոսին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը հանդիպած է Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Այս մասին յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին եւ երկկողմ ռազմական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն իր գործընկերոջ տեղեկացուցած է յուլիսեան մարտական գործողութիւններէն ետք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութեան, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ արցախա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին տիրող իրավիճակին մասին։

Դաւիթ Տօնոյեանն ընդգծած է, որ որոշ պետութիւններու թշնամական հռետորաբանութիւնը եւ իրականացուող ռազմական բնոյթի քայլերը միտուած են տարածաշրջանային իրավիճակի ապակայունացմանն ու ռազմականացման։

Իր հերթին ՌԴ պաշտպանութեան նախարարը կարեւորած է կայունութեան ամրապնդմանն ուղղուած քայլերու իրականացումը բոլոր պետութիւններուն կողմէն։

Ընդգծելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ռազմավարական դաշնակցային բնոյթը, նախարարները քննարկած եւ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են ռազմական համագործակցութեան ուղղութեամբ առաջիկայ ընելիքներու շուրջ:

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը Մոսկուա կը գտնուի «Միջազգային բանակային խաղեր-2020» միջոցառման շրջածիրէն ներս: