Բրիտանական «The Economist» թերթը անդրադարձած է Հմէյհէմ ռազմակայանին մէջ Փութինի եւ Ասատի հանդիպման, նշելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները նպատակ ունին Փութինի ուժը ցուցադրել ռուս ժողովուրդին դիմաց:
Թերթը յայտնած է նաեւ, որ Սուրիոյ ճգնաժամին միջամուխ ըլլալէ երկու տարի անց Ռուսիա իր բոլոր նպատակներուն հասաւ, այնուհետեւ անցաւ Եգիպտոսի մէջ ատոմակայան հիմնելու նախագիծին, իսկ Թուրքիոյ հետ կնքուած համաձայնագիրով վերջինիս «S-400» համակարգ վաճառելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերաւ:
Թերթին համոզմամբ, այս բոլոր յաջողութիւնները ընդամէնը քանի մը տարի առաջ անիրականանալի կը թուային, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան կողմի բացակայութիւնը պատճառ հանդիսացաւ, որ վերջինիս դաշնակիցներն իրենց հայեացքները թեքեն Ռուսիոյ ուղղութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի ռուս ժողովորդի դիրքորոշման, թերթին համոզմամբ անոնք գոհ են իրենց նախագահի արտաքին քաղաքականութենէն, սակայն անոնց մեծ մասը կողմ է Սուրիայէն հեռանալու գաղափարին:
Թերթը շեշտած է նաեւ, որ Ռուսիան տարածաշրջանի գերագույն ուժը համարելու միտումը չափազանցուած է, որովհետեւ Մոսկուա կը փորձէ մէկէ աւելի ուղղութիւններու վրայ խաղալ: Այն պահուն, երբ կը փորձէ Թեհրանը սիրաշահիլ, միւս կողմէ սերտ յարաբերութիւններ կը հաստատէ վերջինիս թշնակի Ռիատի հետ:
Յօդուածի աւարտին թերթը կարծիք յայտնած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան կողմի բացը լրացնող միակ կողմը կարելի չէ Ռուսիան համարել, նկատի ունենալով Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի ջանքերը Հարիրիի հրաժարականին ստեղծած ծանր իրավիճակի հարթեցման ու Ուաշինկթընի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք հռչակման հետեւանքով ստեղծուած տակնուվրայութեան վերացման ուղղութեամբ: