image

Մոսկուա մտադիր է ռուսերէն լեզուի դասընթացքներ իրականացնել Սուրիոյ մէջ

Մոսկուա  մտադիր   է  ռուսերէն լեզուի   դասընթացքներ  իրականացնել Սուրիոյ մէջ

Մոսկուան մտադիր է ռուսերէն լեզուի   դասընթացքներ իրականացնել   Սուրիոյ  մէջ։   Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է   Ռուսաստանի  Դաշնութեան  նախագահական     գրասենեակի       կրօնական եւ  ընկերային հարցերով  պատասխանատու Սէրկէյ  Մելնիքով։

Ռուս  պատասխանատուն նաեւ    նկատել  տուած է, որ    Մոսկուա  քաջալերուած է Սուրիոյ կրթական  ոլորտի պատասխանատուներուն մօտ ռուսերէն լեզուի հանդէպ   ցուցաբերած    հետաքրքրութեամբ  եւ այդ  առումով ալ    Մոսկուա  մտադիր է ֆինանսական կարեւոր  միջոցներ ծառայցնել       գործի   յաջողութեան  համար։

Կը  նշուի նաեւ, որ ռուսերէն  լեզուի  ուսուցումները  պիտի իրականացուին մասնաւորապէս երկրի  մեծ քաղաքներուն՝   Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ։