Գերմանական Der Spiegel պարբերականը յօդուած հրապարակած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ անվտանգութիւն ապահովելու հարցի, երկկողմ ռազմավարական համագործակցութեան եւ նահանգին մէջ օրերս տեղի ունեցած միջադէպի վերաբերեալ:
Պարբերականը նկատած է, որ, հակառակ նահանգին մէջ անվտանգութեան ապահովման խոստումին, հազարաւոր սպանուածներու եւ հարիւրաւոր փախստականներու գոյութեան փաստերը կը վկայեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի «աննրբանկատութեան հակադրելու ոչինչ ունի»:
«Հնարաւոր է, որ թրքական կառավարութիւնը չափազանց վստահ կամ չափազանց միամիտ գտնուած է: Անվտանգութեան առանձնակի միջոցներ չձեռնարկելով՝ այն Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Իտլիպ նահանգի տարածքին Մուրէք քաղաքի ուղղութեամբ քանի մը ռազմական պահակախումբ ուղարկած է: Այդ գիւղին մէջ կը գտնուի թրքական բանակի դիտակէտերէն մէկը: Էրտողան ակնյայտօրէն կը ցանկար ազդանշան ուղարկել այն մասին, որ իր կառավարութիւնը անգործութեան մատնուած չէ: Միաժամանակ ան, հաւանաբար, յոյս ունէր, որ ռուսական կառավարութիւնը՝ Պաշշար Ասատի գլխաւոր դաշնակիցը, կը կանխէ թրքական ստորաբաժանման նկատմամբ յարձակումը: Թուրքիան ստիպուած եղաւ վճարել այդ անփութութեան դիմաց»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:
Յօդուածագիրները նկատած են, որ Իտլիպի մէջ թրքական ռազմական պահակախումբի նկատմամբ օդային յարձակման դէպքը, որու հետեւանքով 3 խաղաղ բնակիչ զոհուած էր, ցոյց կու տայ, թէ որքան արագ կրնայ սրուիլ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմը՝ հակառակ անոր, որ կը շարունակուի արդէն գրեթէ 9 տարի:
Յօդուածի համաձայն՝ Ասատը վճռականօրէն տրամադրուած է Սուրիան Մոսկուայի ու իրանեան վարչակարգի օգնութեամբ ապստամբներէն ամբողջութեամբ ետ նուաճելու հարցի վերաբերեալ, եւ քանի դեռ աշխարհը անտարբերութեամբ կը հետեւի սուրիական աղէտին, միայն Անգարան միանշանակ կերպով ապստամբներուն կողմ հանդէս կու գայ:
Պարբերականը յիշեցուցած է անցած աշնան Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ հրադադարի մասին համաձայնութիւնը՝ նշելով, որ այն ժամանակ նախագահները խոստացած էին ապահովել խաղաղ բնակիչներու անվտանգութիւնը, սակայն ո՛չ Էրտողանը, ո՛չ Փութինը պահած են Իտլիպի մէջ «Հայաաթ Թահրիր Ալ-Շամ» խմբաւորման դէմ վճռական քայլեր ձեռնարկելու խոստումը, իսկ Ասատը չէ հրաժարած նահանգը Դամասկոսի մէջ գործող կառավարութեան վերահսկողութեան տակ վերցնելու նպատակէն:
«Այժմ Էրտողանը երկընտրանքի առաջ է. Ասատի յարձակումը կանխելու համար ան պէտք է զգալիօրէն աւելի մեծ քանակութեամբ զինուորներ ուղարկէ Իտլիպ, ինչը մեծ դժգոհութիւն կ'առաջացնէ պատերազմէն յոգնած թուրք բնակչութեան մօտ, սակայն առանց զօրքերու հզօրացման ան կախուած պիտի ըլլայ Փութինի ողորմածութենէն»,- գրած է պարբերականը:
Յօդուածի հեղինակները նշած են, որ Մոսկուան կը պահանջէ Անգարայէն հրաժարիլ Մուրէք քաղաքէն, ուր թրքական ռազմական պահակախումբը գրեթէ ամբողջութեամբ շրջապատուած է Սուրիոյ կառավարական զօրքերով, սակայն Թուրքիան նման մտադրութիւն չունի:
Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ 2015-ին Թուրքիան եւ Ռուսաստանը արդէն գտնուած են պատերազմի շեմին, երբ թրքական բանակը Սուրիոյ օդային տարածքին ռուսական օդանաւ վար առած էր:
Եզրափակելով, յօդուածի հեղինակները նկատած են, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համագործակցութիւնը զուտ ռազմավարական բնոյթ կը կրէ եւ, ինչպէս ցոյց տուած են վերջին դէպքերը, կրնայ որեւէ պահի խզուիլ, եթէ կողմերէն մէկը այդ ընդունելի համարէ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող Իտլիպի մէջ, որ Սուրիոյ՝ կառավարութեան հսկողութեան տակ չգտնուող նահանգներէն է, ըստ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի համաձայնութեան, պէտք է ապառազմականացուած գօտի ստեղծուէր, ինչի նպատակով թրքական կողմը իր զինուած ուժերը տեղակայած է նահանգին մէջ, սակայն ապրիլէն կառավարական ուժերը մեծցուցած են նահանգի նկատմամբ գրոհները: