image

Մոնթրէալի «Հորիզոն»ը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 35–ամեակը

Մոնթրէալի «Հորիզոն»ը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 35–ամեակը

 Գանատա- Մոնթրէալի մէջ հրապարակուող  «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրը         տեղւոյն  ՀՀ դեսպանին ձեռամբ յատուկ պատուոյ գիր մը ստացած է: Այս մասին  տեղեկութիւնը   ստացանք  պարբերականի համացանցային կայքէջէն: Աղբիւրը  նաեւ  գրած է, թէ  անցնող  Կիրակի օր   Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ  նշուած է  թերթի 35 -ամեակը:«Հորիզոն»ի  հանդիսութեան որուն ներկայ  եղած են Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Մեղրիկ Արք. Բարիքեան, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ Հայ տարեցներու միութեան ներկայացուցիչներ։  Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած է «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Համացանցի իր էջերով «Հորիզոն» ոչ միայն կը ներկայացնէ գանատահայ գաղութի, հայրենիքի եւ Արեւմտահայաստանի մեր ժառանգութեան ու մնացորդացի մասին ամէնօրեայ տեղեկութիւններ, այլեւ՝ թրքական պետութեան հակահայ քարոզարշաւին դիմադարձելով, թիրախ կը դառնանք եղեռնագործի վարձկան կայքահէններուն յարձակումներուն, կամ նշաւակ կը դառնանք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բուռն քննադատութիւններուն: Մենք կը գիտակցինք, որ տեղեկատուական պատերազմի (Information Warfare) մէջ ենք հակառակորդին հետ, եւ այդ քարոզչական-տեղեկատուական առճակատման Ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսային խրամադիրքը վերապահուած է «Հորիզոն»ին: Այսօրուան մեր նուիրահաւաքը նպատակաուղղուած է հզօրացնելու, ամրագրելու եւ զարգացնելու գետարուեստի համացանցի ծիրը, որպէսզի յաւելեալ ներուժով դիմագրաւենք հակառակորդի քարոզչական ոտնձգութիւններն ու խեղաթիւրումները: Մենք վստահ ենք, որ ձեր այսօրուան զօրակցական նուիրահաւաքով եւ մեր հաւատարիմ ընթերցողներու աջակցութեամբ, կը հասնինք այդ նպատակին»։Բեմ հրաւիրուեցաւ Համբիկ Գարայեան, որ յստակ գիծերու մէջ ներկայացուց «Հորիզոն»ի Horizon Online + ծրագիրը, որուն նպատակն է ուրուագծել եւ հունաւորել «Հորիզոն»ի համացանցային յետագայ ռազմավարութիւնը:ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ գիտարուեստի յարափոփոխ զարգացման հետ համահունչ ընթանալու համար, այսօր այլ լրատուամիջոցներու կարգին «Հորիզոն»ն ալ շուտով պիտի կերտէ թուայնացած իր նոր համակարգը։Յատուկ գնահատագիրներ յանձնուեցան «Հորիզոն»ին կամաւոր իրենց ծառայութիւններով օժանդակած Մանկապատանեկան «Հորիզոն»ի խմբագիրներ Սոնիա Քիլէճեան-Աճեմեանին եւ Անահիտ Պալեանին, լուսանկարիչ Մայք Թաշճեանին, սրբագրիչ Բաբգէն Թոփճեանին եւ նկարահանող Սերժ Եսայեանին։Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ դեսպան Արմէն Եգանեան եւ կարեւորութեամբ շեշտեց «Հորիզոն»ի դերակատարութիւնը լրատուական-քարոզչական մարզէն ներս, յատկապէս թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւի սանձազերծման մէջ իր յետագայ առաքելութեան մէջ։ Իր խօսքի աւարտին դեսպան Եգանեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան պատուոգիրով պատուեց «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը: