Սուրիոյ մէջ խումբ մը աքթիւիստներ որոշած են օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու հետ ամուսնանալու վտանգներուն մասին իրազեկել ժողովուրդը, որուն համար «Ո՞վ է ամուսինդ» խորագիրը կրող շարժում ստեղծած են:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, շարժման հովանաւորները հրապարակած են «Ալ Նուսրա»ի զինեալներուն հետ ապօրինի կապի հետեւանքով ծնած երեխաներուն թիւը:
Ըստ հրապարակած տուեալներուն, մինչեւ օրս «Ալ Նուսրա»ի զինեալներուն հետ ապօրինի ամուսնութիւններու թիւը հասած է 1735-ի, իսկ անկէ ծնած երեխաներու թիւը 1826 է:
Նշուած է նաեւ, որ աւելի քան 165 դէպք գրանցուած է, ուր ամուսիններ իրենց կիները լքելով հեռացած են, առանց իրենց ինքնութեան մասին որեւէ տուեալ փոխանցելու, կամ յայտնելու, թէ ուր կ'երթան: Ցուցակին համաձայն, նաեւ 200 կին ամուսնալուծուած կամ այրիացած է:
Նման ամուսնութիւններէ լոյս աշխարհ եկած երեխաները զրկուած կ'ըլլան իրենց քաղաքացիական իրաւունքներէն, եւ անոնց մեծ մասը ծայրայեղականներու կողմէ որպէս միջոց կ'օգտագործուին անձնասպանական յարձակումներ իրագործելու համար: