image
Հրատապ լուրեր:

«Միջին Արեւելքէն դէպի հեռաւոր ափեր գաղթողները, ալ ետեւ չեն նայիր...» Եգիպտահայ Օհան Ճանիկեան

«Միջին Արեւելքէն դէպի հեռաւոր ափեր գաղթողները, ալ ետեւ չեն նայիր...» Եգիպտահայ Օհան Ճանիկեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Եգիպտահայ  համայնքի անդամ ՝ Օհան Ճանիկեան:

 

Վերջին շրջանին մէկէ աւելի հարթակներու վրայ քննարկութեան դրուեցաւ Լիբանանի  եւ մասնաւորապէս  լիբանանահայութեան  իրավիճակը։   Լիբանանի մէջ  առկայ   ընկերային-տնտեսական բարդութիւնները պատճառ հանդիսացան, որ համայնքի յատկապէս երիտասարդական խաւը   փորձէ հեռանալ   Միջին Արեւելեան կտրուածքով հայութեան կարեւորագոյն գաղութ հանդիսացող Պէյրութէն։

Ի դէպ Պէյրութի մէջ գրանցուող զարգացումներուն մասին  «Արեւելք»  յաճախ անդրադարձ  կատարած է եւ այդ  առումով ալ  փորձած ենք մեր ընթերցողներու դատին ներկայացնել վստահելի սկզբնաղբիւր ունեցող լրատւութիւն ու տալով խնդրի բոլոր երեսակները հաշուի  առնող   մեկնաբանութիւններ։

Այս առումով ալ աւելի քան շահեկան կը համարենք մեր ընթերցողներու դատին   յանձնել   վերջերս  Լիբանան  այցելած եգիպտահայ համայնքի անդամներէն՝ Օհան Ճանիկեանի տեսակէտները։

 Ստորեւ  հարցազրոյցը.-


-Վերջերս Լիբանան այցելեցիք, ի՞նչ են ձեր  տպաւորութիւնները  Լիբանանի  ընդհանուր   իրավիճակին մասին:

Քանի որ յաճախ Լիբանան կ'այցելեմ,  մեծ տարբերութիւն  մը չըզգացի։ Առերեւոյթ ամէն ինչ նոյնն է, նոյն վիճակն է, քանի մը տարի առաջ աղբ կուտակուած կ'ըլլար փողոցները, աղբի զօրաւոր հոտ կ'ըլլար Պուրճ Համուտի մօտերը,սակայն ներկայիս այդ հարցը չկայ։ Նկատելի տարբերութիւն մըն ալ այդ էր, որ սովորական թաքսիներուն այեւս չեն արտօներ օդակայանի մուտքին կանգնիլ, ըսելով որ միայն օդակայանի թաքսիները պէտք է սպասարկեն Լիբանան ժամանողներուն, անշուշտ կրկնակի թանկ գիներով, պատճառաբանելով, որ անոնք խճողում կը ստեղծեն օդակայանի մուտքին:

Լիբանանի մէջ նկատելի դարձած է նաեւ լիբանանեան  թղթոսկիի (լիրա) արժէզրկման վախը, որուն հետեւանքով մարդոց մօտ շատցած է տոլարի պահանջարկը եւ տոլարի պակասին պատճառաւ կառավարութիւնը որոշ սահմանափակումներ ըրած է, դրամատուները, օրինակ, տոլար չեն տար մարդոց։ Նոյնիսկ մեծ վաճառականները, որոնք արտերկրէն ապրանք բերելու համար տոլարի պէտք կ՚ունենան, մէկ  տոլարին դիմաց 1500 լիբանանեան լիրայի դիմաց ստիպուած կ՚ըլլան վճարել մինչեւ փոխարէն 1525  լիրա։

 

-Շփումներ ունեցաք համայնքի անդամներու հետ, ինչպիսի՞ն  է լիբանանահայերու տրամադրութիւնը, ի՞նչ մտահոգութիւններ ունին:

Լիբանանահայ համայնքի անդամներէն շատեր կը գանգատէին, որ տնտեսական վիճակը լաւ չէ, բայց այս վերջին մէկ- երկու տարիներուն այդ գանգատները  սաստկացած են։

Իրավիճակը այնքան ծանր է, որ նոյնիսկ իմ նեղ շրջանակիս մէջ եղողներէն շատեր անգործ ըլլալու պատճառով տուն տեղ ծախած եւ փոխադրուած են կամ Հայաստան, կամ   այլ  երկիրներ։


-Երկրին վիճակը ինչպէ՞ս կը բնութագրէք: Շատ կը լսենք, որ Լիբանանը լուրջ խնդիրներու առջեւ է: Ընդհանուր առմամբ առաջին հայեցաքով ի՞նչ նկատեցիք:

Ընդհանուր կարծիքը այն է, որ ալ Լիբանանի վերջը եկած է: Այսպիսի ճգնաժամ բնաւ տեսած չէին,  եւ մարդիկ իրենց ապագան այլեւս այս  երկրէն դուրս կը տեսնեն: Քաղաքական դաշտի տեսակէտէ, կ'ըսուի, որ պատերազմի տարիներուն, ճիշդ է, ռումբեր կ՚իյնային, մադիկ կը մահանային, կ'առեւանգուէին, բայց տնտեսական վիճակը շատ լաւ էր, քանի որ դուրսէն, զանազան երկիրներէ՝ աջակողմեան թէ ձախակողմեան, իրենց զինած խումբերուն կ'աջակցէին, դրամ կ'ուղարկէին եւ անոնք ալ իրենց զինեալներուն կը վճարէին եւ այդպիսով երկիրը դրամ կը մտնէր եւ տնտեսութիւնը շատ  բնական  հունով մը կ'աշխատէր,  իսկ հիմա, ճիշդ է պատերազմ չկայ, բայց կարծես դուրսէն դրամ ղրկող երկիրներն ալ՝ Ամերիկա, Իրան, Սէուտական Արաբիա, իրենց տնտեսական հարցերը ունին եւ  կարծէք  թէ  հետաքրքրուած չեն Լիբանանով։ Անշուշտ ներքին անհամաձայնութիւններ ալ  կան տարբեր կուսակցութիւններու եւ տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ , եւ  բացորոշ բան  դարձած է, որ  մէկը միւսին ծրագիրը  սապոթաժի կ'ենթարկէ, հետեւաբար տնտեսական հարցին լուծում տուող՝ ծովէն  քարիւղ ստանալու,  կամ ելեկտրականութիւն արտադրելու ծրագիրները առաջ չեն երթար...։

Խորհրդարանը շատ ատեն նոյնիսկ ժողովները չի կրնար գումարել եւ այսպէս անդամալոյծ վիճակի կը  մատնուի  պետութիւնը:

 

-Տնտեսական վիճակի բարեփոխման յոյսեր կամ ուղիներ կա՞ն, ձեր կարծիքով:

Տնտեսութիւնը բարելաւելու, ուղղելու համար Լիբանանը  կարիքն ունի մեծ ներդրումներու, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ եւ փոքր տոկոսադրոյքներով պարտքի։

Ի դէպ  վերջին  շրջանին մենք նկատեցինք, որ միջազգային պարտապան կազմակերպութիւններ  Լիբանանի համար գումարներ տրամադրելու համար բաւականին խիստ պայմաններ կը դնեն  եւ   կառավարութենէն մեծ բարեփոխումներ  կը պահանջեն։  Այդ  բարեփոխումներն  ալ կրնան  ծանր ազդել երկրի տնտեսական վիճակին վրայ,  հետեւաբար նաեւ  պատճառ դառնայ, որ պարզ քաղաքացին տուժէ  եւ նոր հարկեր  վճարէ։

Իսկ կառավարութիւնը, որպէսզի կատարէ այդ միջազգային մարմիններուն պահանջները սկսած է որոշումներ   առնել,   օրինակի համար կրճատելով հանգստեան կոչուած բանակի ծառայողներու թոշակները, կամ  աւելցնելով TVA-ի   սակագինը, որուն   հետեւանքով վերջին ամիսներուն մենք ականատես դարձած համաժողովրդային  բողոքի շարժումներու։

 

-Իսկ ի՞նչն էր  տնտեսական տագնապի պատճառը։ Այն  ինչպէ՞ս սկսաւ      եւ  ինչպէ՚ս զարգացաւ:

Այս վերջին տնտեսական ճգնաժամին գլխաւոր պատճառներէն մին այն է, որ պետութիւնը դրամատուներու միջոցաւ  յարմար ՝տարեկան երեք տոկոսով վարկ կու տար, բնակարան գնելու համար։ Նպատակը երիտասարդներուն սատար կանգնիլն էր, որպէսզի Լիբանանի մէջ կերտեն իրենց  ապագան,  կարենան տուն գնել եւ չարտագաղթեն, բայց տեսնելով որ չարաշահումներ կ'ըլլան եւ մարդիկ այդ վարկերով մեծ ապարանքներ (վիլլա) կը գնեն, անցեալ տարի դադրեցուց այդ վարկատւութիւնը, հետեւաբար, անոնք որոնք կը պատրաստուէին բնակարաններ գնել, չկարողացան իրենց ծրագիրը իրականացնել։ Երկրին մէջ շինարարութիւնը դադրեցաւ եւ անոնք որոնք տուներ կառուցած էին, չկրցան վաճառել իրենց կառուցածը։Այսպէս, շղթայական կերպով, երբ արդէն շինարարը,  կամ շինարարական նիւթեր վաճարողը չի կրնար իր ապրանքը վաճառել, մէկը միւսին վրայ ազդելով ամբողջ տնտեսութիւնը ձեւով մը սարեցաւ:

Անշուշտ կը խոստանան, որ այդ վարկերը ետ պիտի սկսին տալ 2020-էն սկսեալ, բայց   այդ   բոլորը  առայժմ խոստումներ են:

 

-Ընդհանրապէս հայկական օրակարգով ի՞նչն էր որ ուշադրութիւնդ գրաւեց: Ի՞նչ տարբերութիւն կար այլ գաղութներէ լիբանանահայ գաղութին առըներ, դրական ինչ շեշտադրումեր կրցար նկատել:

Նկատելի է, որ գաղութը երթալով կը նօսրանայ: Բացի Հայաստանէն, ուրիշ երկիրներ գաթողներ ալ կան, քանի որ վիճակը վատ է, մարդիկ լաւատես չեն եւ եթէ այսպէս շարունակուի, թիւը երթալով աւելի պիտի նուազի: Գաղութի  քանակը  ընդհանրապէս  պակսելու միտում ունի: Այս նոյն միտումը Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ եղաւ, օրինակ ես Եգիպտոս ծնած եմ, Եգիպտոսի մէջ Ապտ Ալ-Նասէրի ժամանակ, յեղափոխութիւն, իրարանցում, տնտեսական խնդիրներ եղան եւ գաղութը նօսրացաւ, այդպէս է պարագան նաեւ Իրաքի, Սուրիոյ եւ հիմա ալ Լիբանանի մէջ, ուր ասկէ առաջ ալ հայութեան թիւը  մասնաւորապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ մասամբ նուազած էր: Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ ամէն անգամ որ ցնցում կ'ըլլայ, ըլլայ պատերազմ կամ տնտեսական տագնապ, թիւերը կը պակսին եւ գաղթողը ընդհանրապէս դժուար որ ետեւ նայի: Հայաստան գացողը գոնէ հայ կը մնայ, իսկ Ամերիկա գացողները՝ Աստուած գիտէ...

Եթէ խօսինք Լիբանանի  հայկական  գաղութը  յուզող հարցերուն մասին, ապա ամէնէն  առաջ պիտի  յիշենք,  որ մեծագոյն սպառնալիքը որ  կայ  այսօր, այդ ալ հայկական վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւններն  են: Ճիշդ է, որ միութիւններ    զանազան միջոցներու կը դիմեն  փրկելու համար հայկական վարժարանները  եւ հեռու մնալու համար  դպրոցներու փակման  վտանգներէն ,  սակայն կը դժուարանամ  հաստատել, որ   անոնք  պիտի  յաջողին իրենց  ճիգին մէջ ...  Օրինակ մը  տալու համար յիշեմ  Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի  պարագան։ Մենք գիտենք, որ Բարեգործականի չորս դպրոցները միացան, մէկ դպրոցի վերածուեցան, աշակերտութեան թիւի նուազման պատճառով,  սակայն  այդ մէկը դրական   լուծում  մը պիտի  բերէ՞  դպրոցներու  տագնապին,  հոս է  հիմնական   հարցը։

 

-Կ'ըսուի, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը յոգնած է այդ երկրէն եւ միտք ունի Հայաստան գաղթելու, արդեօք ճի՞շդ է այդ տեղեկութիւնը:

Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի մէջ խումբ կայ՝ «Ռիփէթ Արմենիա», որ վիճակագրութիւններ հրատարակած էր, թէ ամենաշատ հայրենիք ներգաղթող սփիւռքահայերը որ շրջաններէն են եւ, թէ՛ անցեալ, թէ՛ այս տարի պարզուեցաւ, որ ամենաշատ ներգաղթողները Լիբանանէն եղած են:

Առաջ, երբ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն խօսողի հանդիպէինք, կը կարծէինք որ Հալէպէն է կամ Սուրիայէն, այս տարի սակայն,   որուն որ հանդիպեցայ  եւ հարցուցի թէ՝ Հալէպէ՞ն է, ըսաւ  ոչ, Պէյրութէն է։ Հոսկէ արդէն պարզ կը դառնայ, որ Լիբանանէն շատեր գաղթած են Հայաստան, քանի, ինչպէս գիտէք, տնտեսական այդ ճգնաժամի պատճառով շատերը անգործ մնացած են, եւ եթէ գործ չունին, ապա Հայաստան ապրիլը աւելի հեշտ է։ Նախ քանի որ եթէ Լիբանան տուն ունի եւ վաճառէ այդ տունը, նոյն գումարով Հայաստանի մէջ կրնայ բնակարան գնել եւ քիչ մըն ալ դրամ աւելնայ, իսկ եթէ տունը չծախէ, այլ վարձով տայ, այդ վարձքի գումարով կրնայ Հայաստանի մէջ տուն մը վարձել եւ գումարէն ալ մաս մը յատկացնել օրուայ հացին...

 Իսկ եթէ յաւելեալ գործ մըն ալ աշխատի, արդէն աւելի բնական պայմաններու մէջ կրնայ Հայաստանի մէջ    ապրիլ:

 

Այս  բոլորէն  ետք, ինչպէ՞ս  կը տեսնէք լիբանահահայ գաղութի ապագան:

Այն հայերը,  որոնք Լիբանանի  մէջ տնտեսական  լաւ պայմաններ ունին, կամ անոնք, որոնք օրուայ հացը ճարելու համար բաւարար աշխատանք  ունին  կրնան գոյատեւել... Իսկ անոնք, որոնց վիճակը աւելի վատ է, անգործ են  կամ կու գան անապահով  խաւերէ արդէն իսկ մտադրած են ամենամօտ ատենին լքել երկիրը եւ առանց իրենց ետին նայելու հեռանալ...։