Ըստ Սուրիական բանակի աղբիւրներուն, Ռաքքայի հարաւը գտնուող Ռասսաֆա շրջանին մէջ, Ուաշինկթընի գլխաւորած «Միջազգային դաշնութեան» ուժերը վար առած են Սուրիական պատերազմական օդանաւ մը, երբ վերջինս կը ռմբակոծէր Տահէշի կեդրոնատեղիներէն մէկը:
Սուրիացի օդաչույին ճակատագիրը տակաւին յստակ չէ: Սուրիոյ բանակը այս մասին տարածած իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ այս կեդցուածքով Ամերիկան կը փաստէ ,որ ինք կը գործակցի ահաբեկիչներու հետ եւ կը խանգարէ Սուրիոյ աշխատանքը՝ երկիրը ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ մաքրազերծելու: