Մեծ պայթում մը ցնցած է Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը: Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ պայթում եղած է «Ալ Սալասին» թաղամասին մէջ պատճառելով տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ:
«Ալ Մարսատ» կայքին փոխանցմամբ մինչեւ այս պահը յայտնի չեն պայթումին պատճառները: Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ ցարդ կան 15 զոհեր եւ այս թիւը կրնայ մագլցում գրանցել:
Յիշեցնենք, որ Իտլիպ քաղաքը կը համարուի որպէս ընդդիմադիր ներկայացող ահաբեկիչներու վերջին «կայաններ»էն մին: