«Դուն գիտես, որ հայ ես եւ պէտք է սիրես քու երկիրդ, պէտք է պայքարիս յանուն քու հողիդ ու երկրիդ»,- «Արեւելք»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ արմատներով պոլսահայ, Փարիզի մէջ ծնած ու մեծցած Ռաֆֆի Դաւիթեան: Ան համակարգիչային գիտութիւններու մասնագէտ է, վերջին տարիներու ընթացքին հաստատուած է Քուէյթ, ուր յատկապէս արհեստագիտական ոլորտներուն մէջ մեծ ճանաչում է ձեռք բերած:
«Ես երրբեք ինքզինքս սփիւռքահայ չեմ զգացած»,- ըսաւ Դաւիթեան, նկատել տալով, որ հաւանաբար այդպիսի զգացողութեան պատճառն այն է, որ ինքը երբեք վտանգի չէ ենթարկուած, սակայն գիտէ, որ իր նախնիները ստիպուած եղած են իրենց բնօրրանէն հեռանալ կոտորածի պատճառով: Անոնք իրենց ընտրութեամբ չեն լքած իրենց երկիրը, անոնք ստիպուած եղած են այդ քայլը առնել: «Եւ հիմա երեք-չորս սերունդ յետոյ մենք տուն կը կոչենք Ֆրանսան, Տուբայը... Այս բոլոր երկիրները հիւրընկալած են փախչողները: Մենք վարժուած ենք այնտեղի ապրելակերպին: Հայաստան գալով, մենք կ'ապրինք անբացատրելի զգացողութիւններ. կարծես որդեգրուած երեխաներ ըլլանք»: ըսաւ Դաւիթեան: Ան սփիւռքի մէջ ծնած սերունդին մասին պատկերաւոր դիտարկում մը ընելով յայտնեց. «Ես սփիւռքահայերուս վիճակը այս կերպ կը գնահատեմ, կարծէք մենք ծնած ու ապրած ըլլանք մեզ որդեգրած ծնողներուն մօտ եւ յանկարծ անոնք մեզ կը ներկայացնեն մեր «կենսաբանական» ծնողներուն, բայց վերջիններուս նկատմամբ սէրը չի կրնար ըլլալ հոն՝ սրտիդ մեջ. բան մը, որ դժուար դրութեան մէջ կը դնէ մեզ: Ես վստահ չեմ, որ այս օրինակը ինչքանով դիպուկ է, բայց մենք չենք կրնար մէկ օրուայ մէջ «երեսի վրայ ձգել» այն մարդիկը, որ մեզ «մեծցուցին», դաստիարակեցին ու այսօրուան հասցուցին: Միայն գիտենք, որ հայ ենք եւ պէտք է սիրենք մեր երկիրը, պէտք է պայքարինք յանուն այս հողին ու երկրին»:
Ռաֆֆի իր խոսքին մէջ նշեց, որ առաջին անգամ իր Հայաստան կատարած այցի ատեն ան մեկնած է Արցախ: «Մենք մեզի անչափ հպարտ եւ ուրախ զգացինք, որովհետեւ այդ ամէնը մեր իրական «ծնողներն» էին կառուցած: Այս բոլորը անկեղծ զգացողութիւններ էին, բայց ես կը կարծեմ, որ մեր փորձառութիւնը հասկնալու համար պէտք է յիշել, որ աղի մանրահատիկը կրնար ադամանդ դառնալ, միայն արեւու կիզիչ ճառագայթներու ներքեւ: Եթէ դուք կը հաւատաք, որ այդ մէկը ադամանդ է, ապա կրնաք շարունակիլ հաւատալ, բայց ատիկա ընդամէնը աղի մանրահատիկ է: Այսպիսով, ես երբեք չեմ զգացած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կամ ոեւէ մէկը ըսէ, որ աս նաեւ մեր հողն է: Կայ նաեւ այլ երես մը, ըստ որուն մենք մենք բաւարար ջանք չենք գործադրեր միաւորուելու համար: Այդ առումով աւելի կը համոզուիս, երբ, որպէս սփիւռքահայ, յաճախ կը լսես՝ «դուք հայ չէք», «դուք չարչարուած չէք», «դուք արտասահմանի մէջ բարեկեցիկ ու ապահով կեանքով կ՛ապրիք» բաւական վիրաւորական խօսքերը: Կայ «աշխարհ»ներու տարբերութիւն, բայց ես կը կարծեմ, որ մենք կը պատկանինք երկուքին ալ»,- ըսաւ մեր զրուցակիցը՝ աւելցնելով, որ միաւորուելու համար մեզի անհրաժեշտ է ունենալ երկարաժամկէտ տեսլական, որ կը բացակայի եւ այդ մէկը կրնայ «պատրաստել» միայն Հայաստանի կառավարութիւնը: Մեր զրուցակիցը ցաւով բարձրաձայնեց, որ մեզի միաւորող երեւոյթներէն մին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Այս հարցին շուրջ տարակարծութիւններ չկան նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ոչ մէկ հայ կը վիճարկէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հիմնահարցը: Տարիներ շարունակ հայութիւնը կը պայքարի, բայց եթէ մենք ունենայինք ռազմավարական ծրագիր մը, մենք մուտք կը գործէինք տարբեր կարեւոր ոլորտներ, կը դառնայինք հզօր եւ մրցունակ: «Նայեցէ՛ք Ճափոնին եւ Իսրայէլին: Կը կարծեմ, որ բոլորս ալ կը գիտակցինք մեր ձախողումը, բայց չենք սիրեր մեր նահանջներուն մասին խօսիլ կամ նոյնիսկ սրբագրել մեր սխալները: Այս հանգրուանին մեզի համար ամենակարեւոր ձեռքբերումը պէտք է ըլլայ «Հպարտ հայ ենք եւ մենք չենք պարտուիր» կարծրատիպի վերացումը»,-իր խօսքը եզրափակեց Ռաֆֆի Դաւիթեան: