image

Մէկ տարուան ընթացքին 126 հազար քմ ականազերծուած շրջաններ. Սուրիոյ մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի

Մէկ տարուան ընթացքին 126 հազար քմ ականազերծուած շրջաններ. Սուրիոյ մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի

Սուրիոյ մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի, մէկ տարուան ընթացքին ականազերծուած է 126 հազար քմ տարածք: Այս մասին կը յայտնէ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը:

ՀՀ մարդասիրական խումբը մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ Սուրիոյ մէջ։ 8 Փետրուար 2019-էն մինչեւ 8 Փետրուար 2020 ականազերծողները մաքրած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք, որմէ մօտաւորապէս 91,000 մեթր քառակուսի հատուածը (ականներով եւ պայթուցիկ զինամթերքով լեցուն) զննուած եւ յանձնուած է Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն: Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ յանձնման վկայականին համաձայն, ալ Հուսէյնիէ բնակավայրի նշուած տարածքները անվտանգ են եւ պիտանի օգտագործման համար:

Հայ մասնագէտները ականներու վտանգի իրազեկման եւ շտապօգնութեան տասնեակ դասընթացքներ կազմակերպած են Հալէպի մէջ: «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը» կատարած է նաեւ«Մենք Ձեր Հետ Ենք» եւ «Մի Բուռ Ժպիտ» խորագիրներով մարդասիրական գործեր: Հաւաքուած են նուէրներ եւ փոխանցուած սուրիացի մանուկներուն: Մարդասիրական խումբի բժիշկները պարբերաբար դեղորայք կը տրամադրեն Հալէպի հիւանդանոցներուն: